Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բզեզի Պատմութեան Կրկնութի՞ւնը, Թէ՞ Աւելին

September 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 8 սեպտեմբերին Թիֆլիսի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թիֆլիս պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդի դեր ստանձնելու, ներառեալ` գերիներու վերադարձի հարցին մէջ» եւ յիշեցուց 13 յունիսին Ազրպէյճանի մէջ պահուող 15 հայ գերիներու Վրաստանի ճամբով Հայաստան վերադառնալու մասին:

Ղարիպաշվիլի օրին յայտարարած էր, որ հայ գերիները ազատ արձակուած են «իմ գործօն օժանդակութեամբ եւ մեր ռազմավարական գործընկեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրի մասնակցութեամբ»:

Արցախի Բ. պատերազմի ընթացքին մեր թշնամիներուն օժանդակած, Ազրպէյճանի հետ սահմանագծման իր սեփական հարցերը, ինչպէս Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրի հարցը լուծել անկարող երկիրին վարչապետը այսօր կը մոռնայ, որ հայ գերիներու հայրենիք վերադարձի այդ ողջունելի ձեռքբերումը Միացեալ Նահանգներու շնորհիւ էր, եւ մեծամտաբար կը յաւակնի գերիներու հարցէն անդին ալ միջնորդական դերակատարութիւն ստանձնել, այլ խօսքով` Ռուսիան եւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակը փոխարինել կամ առնուազն միջնորդութեան երրորդ ձեւաչափ մը ստեղծել:

Ղարիպաշվիլիի յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ պատմութիւնը սուրացող կառքին վրայ դարած բզեզին, որ բացագանչած է. «Հէ՜յ, տեսէ՛ք` որքան փոշի կը հանեմ». այս պարագային բզեզը Վրաստանն է, իսկ կառքը` Միացեալ Նահանգները:

Այստեղ կը յառաջանայ այն հարցումը, թէ տեղի ունեցածը այդ պատմութեան կրկնութի՞ւնն է, թէ՞ Միացեալ Նահանգներ վրացական քողի տակ կը փորձեն Ռուսիոյ նման ինքնագլուխ գործել, սակայն` ոչ բացայայտ կերպով, որովհետեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկրորդ համանախագահի մը ինքնագլուխ գործունէութիւնը կը նշանակէ այդ ձեւաչափի մահը, իսկ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ պահպանել զայն եւ ոչ թէ` սպաննել: Անոր թիրախը այդ ձեւաչափը չէ:

Վրացական դիմակը այն վահանն է, որ կը պաշտպանէ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը եւ Ուաշինկթընի կ՛արտօնէ քուլիսներու ետին ազատօրէն ու ապահով կերպով գործելու` Թիֆլիսը վերածելով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ձեւաչափը հարուածելու սուինի:

 

Նախորդը

Ազգային Հասարակաց Շահ

Յաջորդը

Լիբանանահայութեան Բարեսիրական Կառոյցներու Հարուստ Կենսափորձը

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.