Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Լացիօ Ռոմայի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական հանրածանօթ մարզական օրաթերթ «Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-ը:
38 տարեկան ֆութպոլիստը, որ իտալական ակումբին միացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, իր նոր կազմին հետ ստորագրեց մէկ տարուան համաձայնագիր մը:
Ան 2019-էն ի վեր հանդէս կու գար իտալական այլ կազմի մը` Ֆիորենթինայի հետ, ուրկէ հեռացաւ այս ամրան ընթացքին:
Նախորդ տարեշրջանին ան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 29 մրցումի ընթացքին, նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:
Անկէ առաջ ան 12 տարի մաս կազմած է Պայէրն Միւնիխի:



