Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շեշտեց Տեղեկատուութեան Մարզի Կարեւորութիւնը` Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Առումով

August 31, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատը` ընկերակցութեամբ Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Թուֆիք Թրապուլսիի եւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ Վիվիան Լըպպոսի ու Մըսպահ Մաժզուպի եւ շնորհաւորեց զանոնք անոնց նոր պաշտօններուն ստանձնումին առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց տեղեկատուութեան մարզի կարեւորութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու առումով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լսատեսողական բոլոր լրատուամիջոցներուն ու մամուլին շինիչ դերակատարութիւն ունենալու` Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ սայթաքումներէ խուսափիլ, ինչպէս նաեւ կանխարգիլել այնպիսի սխալներ, որոնք լիբանանեան ազգային միասնականութեան վնաս կը հասցնեն եւ լիբանանցիներուն միջեւ հեռաւորութիւնն ու բաժանումը կը քաջալերեն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ մամլոյ ազատութիւնը յարգուած է եւ պէտք է անիկա պատասխանատուութեամբ ու առարկայականութեամբ գործադրել` առանց չարիքի կամ հրահրումներու` յարգելով ուրիշին կարծիքը, որովհետեւ ազատութեան երդիքը ճշմարտութիւնն է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցերը եւ անոր ծաւալելիք գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

Մաղտուշէ-Անքուն Միջադէպերը Հակակշռելու Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Շնորհաւորէ Լիբանանեան Բանակը` «Բարձունքներու Արշալոյս»-ը Յաղթական Ճակատամարտին Քառամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.