Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի Լիբանանի ներկայացուցիչ Սելին Մուերոն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան կողմէ որդեգրուած քայլերը` երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւններուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ նախարարութեան տրամադրուելիք օժանդակութիւններուն, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած խոչընդոտները:



