Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Պահուած Է Գանձը

August 28, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ան իսկական գանձ մըն է, զմրուխտէ աչքերով ոսկիէ արձանիկ մը: Ան պահուած է Ֆրանսայի մէջ անկիւն մը` խորհրդաւոր ու արկածախնդիր անձի մը կողմէ: Այս գանձը գտնելու համար պէտք է լուծել շարք մը հանելուկներ, որոնք կը գտնուին «Լ՛օր տը Սիփան»-ի (Սիփանի ոսկին) գիրքին մէջ, զոր հեղինակը հրատարակած է ծածկանուն մը գործածելով: 25 մարտէն ի վեր հազարաւոր հետաքրքիր ընթերցողներ լծուած են այս խրթին աշխատանքին:

Առաջին հերթին, փնտռտուքի աշխատանքները կատարելու համար տեղափոխուելու հարկ չկայ: Արկածախնդրութիւնը կը սկսի, պարզապէս երբ սենեակին մէջ նստած ընթերցողը կը բանայ գիրքը: Ան կը կարդացուի դասական վէպի մը նման: Գիրքը կը ներկայացուի իբրեւ հեղինակին` Պասթիեն Լըպոտիի օրատետրը: Անոր մէջ ընթերցողը կը հանդիպի հաճելի փոքրիկ կերպարներու, որոնք կ՛ընկերանան հեղինակին գանձի իր փնտռտուքին ընթացքին: Երբ ընթերցողը կը հասնի գիրքին վերջաւորութեան, ան կ՛անդրադառնայ, որ պէտք է ուշադրութեամբ ուսումնասիրէ իւրաքանչիւր պարբերութիւն, գծագրութիւն եւ հետք: Ապա կը սկսին ոստիկանական աշխատանքները` վերլուծելու համար գրութիւնները, թիւերը, խորհրդանիշները, հետեւելով գիրքին մէջ գտնուող քարտէսին ցուցիչներուն: Վերջին հանելուկը լուծելէ ետք է, որ կարելի է վերջապէս գտնել այն վայրը, ուր թաղուած է գանձը:

Անշուշտ այդ գանձին մէջ պահուած չեն ո՛չ ոսկի դրամներ, ո՛չ ալ ոսկիի կտորներ, եւ իսկական վարձատրութիւնը ապահով տեղ մը պահուած է: Ան ոսկիէ արձանիկ մըն է, որ շինուած է ներշնչուելով Փերուի մէջ գտնուած իսկական գանձերու արձանիկներէն: Գանձին պահուած տեղը գտնողը պիտի արժանանայ մօտաւորապէս 50 հազար եւրօ արժող այս արուեստի գործին:

Գանձը Փնտռենք

Արձակուրդները արդէն կը հասնին իրենց աւարտին, եւ վերամուտը կը մօտենայ: Հետեւաբար ընկերներով կրնաք դուք ալ կազմակերպել գանձը գտնելու արշաւանք մը:

* * *

Ինչպէ՞ս կազմակերպել գանձի փնտռտուքի խաղ մը

Նախ ճշդել խաղին տարածքը, ըլլայ ան գիւղը` պարտէզին մէջ, շէնքին բակին մէջ, կամ նոյնիսկ` տան մէջ: Մեծութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ մասնակցողներու թիւէն:

– Ընտրել պահուելիք գանձը, կամ գանձերը, պատրաստել ցանկ մը: Այդ «գանձերը» կախեալ են ձեր ընտրած օրուան նիւթէն կամ նախասիրած բաներէն` փոքրիկ առարկայ մը անակնկալ մը, տուրմ, շաքարներ եւ այլն:

– Երբ ցանկը պատրաստ է, բոլոր առարկաները պահել խաղի տարածքին` թուփերուն մէջ, ճիւղերուն վրայ, կոճղի մը ետեւ, բարձի մը տակ, սառնարանին վրայ, պատկերասփիւռին ետեւը…

– Վերջապէս, խաղավայրին քարտէսը գծել` վրան նշելով բոլոր գանձերուն թաքստոցները: Քարտէսը կարելի է հարստացնել` գծագրութիւններով, հանելուկներով, խորհրդանիշներով, առնուելիք քայլերուն թիւերով, առնուելիք ուղղութեամբ…

– Այս փնտռտուքի խաղը աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար կարելի է ընդհանուր նիւթի մը շուրջ զայն երեւակայել, ինչպէս` օրինակի համար, երեւակայական ճամբորդութիւն մը, եւ անոր հիմամբ ծպտուիլ` իբրեւ հետախոյզներ, ծովահէններ, գաղտնի ոստիկաններ…

Աշխարհին Շուրջ Օդանաւով
Առանձին Ճամբորդութիւն

Չորեքշաբթի, 18 օգոստոսին 19 տարեկան Զարա ՌութըրՖորտ սկսաւ աշխարհին շուրջ օդանաւով առանձին ճամբորդութեան` փորձելով նոր մրցանիշ մը արձանագրել: Ներկայ մրցանիշը արձանագրած է ամերիկացի Շէյսթա Ուէյ, որ իր ճամբորդութեան ընթացքին 30 տարեկան էր: Մինչ այդ մարդոց պարագային մրցանիշը կը պատկանի նաեւ ուրիշ ամերիկացիի մը` Մէյսըն Անտրուի, որ 18 տարեկան էր իր ճամբորդութեան ընթացքին:

* * *

Զարայի հայրը Պելճիքա հաստատուած անգլիական բանակին մէջ օդաչու է: Այս ձեւով է, որ Զարա մեծցած է օդանաւերու աշխարհին մէջ. իսկ 14 տարեկանին ան սկսած է մարզուիլ օդաչուի իր արտօնագիրը ստանալու համար:

Նոր մրցանիշ մը արձանագրելու համար Զարա պէտք է թռչի 52 երկիրներու վրայէն եւ կտրէ աւելի քան 52 հազար քմ: Անոր օդանաւը շատ թեթեւ եւ շատ արագ մարզական օդանաւ մըն է, որուն արագութիւնը կը հասնի ժամական 300 քմ-ի:

Զարայի արկածախնդրութիւնը սկսաւ Պելճիքայի Քորթրեժք-Ուեւել-Կըմ օդակայանէն: Ան նախ պիտի ուղղուի դէպի Անգլիա, թռչի Իսլանտայի եւ Կրինլենտի վրայէն, ապա կտրէ Ատլանտեան ովկիանոսը` հասնելով Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Քարայիպիան կղզիները մինչեւ Հարաւային Ամերիկայի հիւսիսը, ուրկէ ան պիտի վերադառնայ դէպի Կեդրոնական Ամերիկա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Ալասքա եւ Խաղաղական ովկիանոսին վրայէն անցնի Հարաւային Ասիա` հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք եւ, վերջապէս, դարձեալ Եւրոպա: Ան կը յուսայ Պելճիքա հասնիլ հոկտեմբերի սկիզբը:

Այս իր արկածախնդրութեան միջոցով Զարայի նպատակն է ներշնչել աղջիկները եւ երիտասարդուհիները` հետապնդելու զիրենք հետաքրքրող ծրագիրը, նոյնիսկ երբ անիկա կրնայ սովորաբար հետաքրքրել միայն տղաքը:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1-58` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Ո՞ր ծովահէնը պիտի հասնի քարտէսին:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները 1 հեծիկ, 2 կէտ, 3 նաւ, 4 փուչիկ, 5 գլխարկ, 6 դոյլ, 7 արեւի քրեմի սրուակ, 8 պաղպաղակ, 10 ծովաստղ:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 6 տարբերութիւնները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 27 Օգոստոս 2021)

Յաջորդը

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

RelatedPosts

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.