Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը ուրբաթ, 27 օգոստոսին կը սկսի նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումներուն:
Հայրենի կազմը այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն կը սկսի իր փորձերուն, իսկ 30 օգոստոսին կը սկսի իր մարզական հաւաքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
2 սեպտեմբերին Հայաստան կը հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները, իսկ 7 սեպտեմբերին հիւրը կ՛ըլլայ Ուքրանիոյ:
Նշենք, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան:



