Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը հանդիսացաւ 5-րդ դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Պրեմըրի, արձանագրեց 12-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն չորս կոլ նշանակեց քամերունցի յառաջապահ Էրիք Մաքսիմ Շուփօ-Մոթինկ:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի վիճակաձգութեամբ:
Այսպիսով, պաշտօնական մրցումներու ընթացքին, Պայէրն իր ակումբին պատմութեան մէջ արձանագրեց իր երկրորդ մեծագոյն յաղթանակը:
Անիկա 1965-ին դարձեալ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով 16-1 արդիւնքով յաղթած էր Վալտպերկի:
Նշենք, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներու գծով Պայէրն իր մեծագոյն յաղթանակը արձանագրած է 2019-ին, Ռոթահ Էկերնի դէմ, 23-0 արդիւնքով:



