Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Շուրջ Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Էրտողան-Փութին Համաձայնութիւն

August 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յորդորեց Աֆղանիստանի մէջ իշխանութիւնը ստանձնած Թալեպան շարժումին նկատմամբ «յառաջդիմական» մօտեցում որդեգրել:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդակցութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Էրտողան Փութինին յայտնած է. «Պէտք է Թալեպանի հետ երկխօսութեան խողովակները բաց պահենք, եւ յառաջդիմական մօտեցում մը որդեգրենք` կարծր պայմաններու վրայ հիմնուած մօտեցումին փոխարէն»:

Էրտողան ողջունած է թալեպաններուն եւ աֆղան նախկին պաշտօնատարներու միջեւ բանակցութիւնները` զանոնք նկատելով «խոստմնալից»:

«Կ՛ողջունենք թալեպաններուն չափաւորական պատգամները` զանոնք ներկայիս նկատելով դրական, սակայն յաջորդ հոլովոյթը պիտի չկազմուի անոնց խօսքերով, այլ գործերով», աւելցուցած է ան:

Քրեմլին իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Երկու նախագահները համաձայնած են Աֆղանիստանի շուրջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու»:

Երկու կողմերը շեշտած են Աֆղանիստանի մէջ ահաբեկչութեան եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի ճամբով կայունութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Էրտողան երկու օր առաջ յայտնած էր, որ Անգարան պատրաստ է հանդիպում ունենալու Թալեպան շարժումին կազմելիք կառավարութեան հետ: Ան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ փուլին «կրնայ հիւրընկալել» Թալեպան շարժումի ղեկավարը:

Նախորդը

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը Կը Քննարկէ Աֆղանիստանի Կացութիւնը Եւ Կը Նշէ. «Խաղաղութեան Բանալին Հաշտութիւնն Է»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու Մինսքի Խմբակի Հովանիին Տակ Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.