Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Պիտի Մասնակցի «Խրիմի Հարթակ»-ին. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խոստացած Է Հետեւութիւններ Ընել Մասնակից Երկիրներու Դիրքորոշումներէն

August 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պիտի մասնակցի Քիեւի նախաձեռնած «Խրիմի հարթակ» համախմբումի առաջին հանդիպումին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուքրանիա` մասնակցելու համար «Խրիմի հարթակ»-ի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 օգոստոս 2021-ին Քիեւի մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Խրիմի Հարթակ»-ի ծրագիրով ժողովին բարձրագոյն եւ բարձր մակարդակով որոշ երկիրներու մասնակցութիւնը նկատած էր Խրիմի նիւթին նկատմամբ Արեւմուտքի քաղաքականացուած հաւաքական մօտեցումի ապացոյց: Անոր համաձայն, Ռուսիա պիտի արձանագրէ դիրքորոշումը այն երկիրներուն, որոնք պիտի մասնակցին խորհրդաժողովին եւ համապատասխան հետեւութիւններ պիտի ընէ:

Սեպտեմբեր 2020-ին «Խրիմի հարթակ»-ի ստեղծման մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի: Քիեւ իբրեւ խորհրդաժողովի նպատակ կը տեսնէ համակարգումը «միջազգային ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Խրիմի` Ուքրանիոյ կազմ վերադարձին»: Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, հարթակի աշխատանքը պէտք է սկսի 23 օգոստոսին, այսպէս կոչուած, երդման արարողութեան վեհաժողովէն:

Մեկնաբանելով Ուքրանիոյ նախաձեռնած հանդիպումը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զայն կոչած է վայր մը, «ուր Արեւմուտքը պիտի շարունակէ դայեակել ժամանակակից ուքրանական իշխանութեան նոր նացիական եւ ցեղապաշտական տրամադրութիւնները»:

 

Նախորդը

«Չենք Կրնար Աֆղանիստանի Մէջ Կացութիւնը Վերահսկելու Արտօնութիւն Տալ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի» Կ՛ըսէ Պորել

Յաջորդը

«Իրան Իւրանիոմի Հարստացման Մէջ Արագօրէն Կը Յառաջանայ, Եւ Զայն Կանգնեցնելու Պահը Հիմա Է» Կ՛ըսէ Պենեթ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.