Պայէրն Միւնիխի Հաւասարութիւնը,
Պորուսիա Տորթմունտի Յաղթանակը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Սարգիս Ադամեանի կազմը` Հոֆընհայմ, Օկզպուրկի դաշտին վրայ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը:
Ադամեան, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, 59-րդ վայրկեանին դաշտ մուտք գործեց: 20 վայրկեան ետք ան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին 28 տարեկան Ադամեան Հոֆընհայմի հետ կատարած էր 18 մրցում, նշանակած 2 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը` 42-րդ վայրկեանին:
Այլ մրցումի մը, Պորուսիա Տորթմունտ 5-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթին:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Պրոթ Հաալանտ (34-րդ եւ 72-րդ):
Նշենք, որ ան կատարեց նաեւ մնացեալ երեք կոլերուն էսիսթը:



