Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր Մոհամետ Նայիմ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը աւարտած է, եւ երկրին մէջ իշխանութեան տեսակն ու վարչակարգի ձեւը մօտ օրէն պիտի յստականան:
«Բոլորը կը հանգստացնենք, որ քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովենք: Մենք պատրաստ ենք բոլոր աֆղան անձնաւորութիւններուն հետ երկխօսութեան եւ պիտի երաշխաւորենք անոնց պէտք եղած պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան:
«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեր հողերը օգտագործել` թիրախաւորելու համար որեւէ կողմ, եւ չենք ուզեր ուրիշներուն վնաս հասցնել: Չենք ուզեր ուրիշներու հարցերուն միջամտել եւ պիտի չարտօնենք մեր հարցերուն միջամտել», աւելցուց ան:
Թալեպան շարժումէն պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ կառավարական շէնքերուն աւելի քան 90 առ հարիւրը կը գտնուի շարժումին վերահսկողութեան տակ, եւ զինեալներուն հրամայուած է անոնց որեւէ վնաս չհասցնել:
Թալեպանի այլ բանբեր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ վրէժխնդրութեան արարքներ պիտի չըլլան` նշելով. «Մենք ժողովուրդին եւ այս երկիրին ծառաներն ենք»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին մէջ երկրէն քաղաքայիններու հեռացման ընթացքին կարգը ապահովող ամերիկացի զինուորները օդը նախազգուշական կրակոցներ արձակած են, երբ մեծ ամբոխը ներխուժած է էջուղի: Անվտանգութեան ուժերէ աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան յայտնած է, թէ կրակոցին պատճառով քանի մը զոհ արձանագրուած է:
«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ օդակայանին մէջ քաոս կը տիրէ. տեղւոյն բնակիչները, որոնք կ՛երկիւղին թալեպաններէն, կուտակուած են միակ օդակայանի մուտքին մօտ, որ նոյնպէս գերբեռնուած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակիցներով, որոնք երկրէն կը հեռացուին:
Նշենք, որ Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի մէկ օր առաջ երկրէն փախուստ տուած էր: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ան Տաճիկիստան ապաստանած է: «ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Աֆղանիստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան, հաղորդեց, որ Աֆղանիստանի նախագահը փախած է դրամով լեցուած ինքնաշարժներով: Սակայն ամբողջ բեռը չէ տեղաւորուած ուղղաթիռին մէջ եւ մնացած է օդակայանին մէջ:
Մինչ այդ, Փենթակոն արտօնեց լրացուցիչ 1000 զինուոր ուղարկել Աֆղանիստան` այդպիսով երկրին մէջ գտնուող ամերիկեան ժամանակաւոր զօրակազմին թիւը բարձրացնելով 6000-ի: Անոնք պիտի ապահովեն Քապուլի օդակայանէն օտարերկրացիներու եւ արտասահմանի մէջ ապաստան ստացած աֆղաններու հեռացումը:



