Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Մեղրիէն Անցնող Ճամբու Կառուցումը Բացարձակ Անհրաժեշտութիւն Է»

August 17, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ ծաւալուն հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է արցախեան Բ. պատերազմէն ետք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հեռանկարներուն մասին` յայտարարելով, որ Պաքուն կ՛ուզէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել:

«Մենք բազմիցս արտայայտած ենք մեր դիրքորոշումը: Ես քանի մը անգամ բացէ ի բաց ըսած եմ, որ մենք կ՛ուզենք խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Հայաստանի հետ: Որպէսզի Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սկսին սահմանազատման հոլովոյթը` սահմաններու հաստատումը: Սակայն մենք տակաւին դրական պատասխան չենք ստացած Հայաստանէն: Ըստ ամենայնի, Հայաստանը պատրաստ չէ ատոր կամ դէմ է», ըսած է Ալիեւ:

Անոր համաձայն, Պաքուն այդ առաջարկը յաւերժ սեղանի վրայ պիտի չպահէ:

«Եթէ անոնք ատոր դէմ են, ապա թող բացայայտ ըսեն, որ չեն ուզեր խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել Ազրպէյճանի հետ: Այս պարագային մենք մեր քաղաքականութիւնը պիտի վարենք ատոր համապատասխան: Եթէ Հայաստանը պատրաստ է ատոր, եթէ պատրաստ է ճանչնալու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ ամբողջ աշխարհը կը ճանչնայ, ապա, բնականաբար, շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Նոյն ատեն, ատոր հասնելու համար սեղանի վրայ դրուած են որոշակի առաջարկներ` ճամբաներու բացում, Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծում, բոլոր առեւտրական կապերու վերականգնում: Այսինքն` մեր շահերէն կը բխի երկար դադարէ ետք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովումը: Կը կարծեմ, որ ասիկա նոյնպէս կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն: Որովհետեւ Զանգեզուրի միջանցքը նաեւ անոնց շահերուն պիտի ծառայէ», ըսած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի դառնայ Թուրքիոյ հետ կապի երկրորդ ուղղութիւնը:

«Նոյն ատեն կը պահանջենք, որ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արեւմտեան Զանգեզուրի տարածքին մէջ ինքնաշարժներու ճամբան կառուցուի Մեղրիի շրջանին մէջ: Որովհետեւ ատիկա բացարձակ անհրաժեշտութիւն է: Դժբախտաբար, Հայաստանը ատոր դէմ է: Մինչեւ վերջին օրերը ան դէմ էր Զանգեզուրի միջանցքի բացման: Սակայն քանի մը օր առաջ այնտեղ դրական կարծիք եղաւ, որ իրենք ալ դէմ չեն: Բայց եւ այնպէս, Զանգեզուրի միջանցքին լիարժէք գործելուն համար պէտք է ըլլայ թէ՛ երկաթուղի, թէ՛ ճամբայ: Մենք Պաքուի մէջ ինքնաշարժ կը նստինք, մենք այնտեղէն կրնանք ապահով երթեւեկել Թուրքիա եւ Նախիջեւան», եզրափակած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ան խօսելով Ակնայի (Աղտամ) մասին յայտնած է, որ այնտեղ հարիւր հազարաւոր ականներ կան:

«Պատերազմի աւարտէն ի վեր` 10 նոյեմբերէն մինչեւ օրս, աւելի քան 150 խաղաղ բնակիչ եւ զինուոր մահացած կամ առողջութիւնը կորսնցուցած է ականներու պայթումին պատճառով: Հետեւաբար, ականազերծման աշխատանքները պէտք է շարունակուին եւ կը շարունակուին: Հայաստանը մեզի չի յանձներ ականներու քարտէսները, իսկ վերջերս փոխանցուած քարտէսներուն ճշգրտութիւնը ընդամէնը 25 առ հարիւր կը կազմէ», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով. «Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ ականազերծման աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան, մինչդեռ ենթակառուցային աշխատանքները կը կատարուին արագացուած կշռոյթով»:

 

Նախորդը

Երասխի Մէջ Թշնամիի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է. Այլ Զինուոր Մը Զոհուած` Գեղարքունիքի Մէջ

Յաջորդը

Քապուլի Օդակայանին Մէջ Իրարանցում. «Աֆղանիստանի Պատերազմը Վերջացաւ» Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումի Բանբերը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.