Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարինէ Քոչար. «Քաղաքական Եւ Տնտեսական Հարցերը Պէտք Չէ Մեզ Մոռցնել Տան Մեր Հոգեկան Արժէքները, Ոչինչ Պէտք Է Խանգարէ Մեզ Լսելու Գեղարուեստին Ձայնը»

August 17, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Կարինէն` Երուանդ Քոչարի  թոռնուհին, միեւնոյն ատեն «Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհին է: Հայաստան գտնուելու առիթը օգտագործելով` մտերմիկ զրոյց մը ունեցայ անոր հետ եւ հետաքրքրական գիտելիքներով հարստացայ: Փափաքեցայ մեր ընթերցողները եւս հաղորդակից դարձնել այս տեղեկութիւններուն ու «Գանձասար»-ին տրամադրել մեր զրոյցին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Պատմեցէք ձեր մեծ հօր կեանքէն:

ԿԱՐԻՆԷ ՔՈՉԱՐ.- Մեծ հաճոյքով կ’ուզեմ բաժնեկցիլ ապրումներս եւ յիշատակներս թերթի ընթերցողներուն հետ: Նկարիչ, քանդակագործ Երուանդ Քոչար ծնած է 1899-ին, Թիֆլիս: Սիմոն Քոչարեանի ընտանիքին մէջ: Ծնողները ծագումով շուշեցի են:

1906-1918 աւարտած է Ներսիսեան վարժարանը, միաժամանակ յաճախած է նկարչութեան եւ քանդակի արուեստանոց:

1918-1919 յաճախած է Մոսկուայի պետական ազատ գեղարուեստի արուեստանոցը:

1921-ին Քոչար գեղանկարչութեան վարպետ էր արդէն, իր համբաւը մինչեւ Փարիզ հասած էր:

1922-ին Կ. Պոլսոյ մատենադարանի մէջ կազմակերպած է իր անհատական ցուցահանդէսը:

– Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր: Այնտեղ երիտասարդ արուեստագէտը ուսումնասիրած է Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, եւ այդ շրջանի իր գործերը  իրենց լուծումներով այնքան ինքնատիպ եղած են ու հետաքրքրական, որ դժուար էր հաւատալ, թէ զանոնք ստեղծողը 22-23 տարեկան երիտասարդ արուեստագէտ մըն էր:

1923-ի օգոստոսին  Քոչար արդէն Փարիզ էր: Նոյն թուականին, Ա. Չօպանեանի աջակցութեամբ, կը կազմակերպէ իր անհատական ցուցահանդէսը  Փարիզի մէջ:

Արուեստի փարիզեան դժուարահաճ միջավայրին մէջ ան իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ: 13 տարի կ’ապրի Փարիզ եւ կը մասնակցի բազմաթիւ ցուցահանդէսներու: Կ’ունենայ 4 անհատական ցուցահանդէս եւ գնահատանքի կ’արժանանայ Փիքասոյի նման արուեստագէտներու կողմէ:

Փարիզի մէջ ան կը ստեղծէ փլասթիք գեղանկարչական նոր արտայայտչաձեւ` տարածական նկարչութիւնը, որ արուեստի մեծագոյն նուաճումներէն կը համարուէր:

1936-ին Քոչար կը ներգաղթէ  ԽՍՀՄ եւ կը յայտնուի «Երկաթէ վարագոյրին» այն կողմը, ուր կը մոլեգնէր ստալինեան ահաբեկչութիւնը: Ճանապարհը կը գոցուի անոր դէմ ու ստեղծագործական մեկուսացման մէջ կը յայտնուի:

«Գ.».- Այլազան խոչընդոտները` բանտը, մեկուսացումը ազդեցի՞ն Քոչարի ստեղծագործական ընթացքին վրայ:

Կ.- Այս պարագաներուն, կարծէք, գործեց հակազդելու օրէնքը: Այդ ժամանակահատուածը Քոչարի երեւանեան շրջանի հանճարեղ թռիչքները արթնցան: Այդ տարիներուն երեւան եկան` «Էքստա-զը» (1960), «Պատերազմի արհաւիրքը» (1962), «Զուարթնոցի Արծիւը» 1955, «Վարդան Մամիկոնեան» (1975), Հայաստանի ու հայութեան խորհրդանիշ դարձած «Սասունցի Դաւիթ»-ը (1959) եւ այլ մեծարժէք ստեղծագործութիւններ:

«Գ.».- Իսկ ե՞րբ բացուած է Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանը:

Կ.- «Երուանդ Քոչար» թանգարանը բացուած է 1984-ին, մայսթրոյի արուեստանոցին մէջ, իր կնոջ  ջանքերով: Խորքին մէջ մեծ գեղագէտին գործերը ներկայացուած են աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ, սակայն այստեղ կարելի է ամբողջական պատկերացում մը կազմել արուեստագէտին անցեալի ողջ ստեղծագործական ճանապարհին մասին, ցուցադրուած են թիֆլիսեան, փարիզեան, Երեւանեան շրջաններու գեղանկար , կրաֆիք, քանդակներ, սեղմումով գործեր եւ այլն:

«Գ.».- Իսկ իր հրաշալի գործը ո՞ւր  զետեղուած է:

Կ.- Իր հրաշալի գործերէն մէկը, որ կոչուած է «Տարածական նկարչութիւն», կրնանք գտնել Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանի եւ Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ:

«Գ.».- Որո՞նք  են Երուանդ Քոչարի ցուցադրուած գլուխ-գործոցները:

Կ.- «Հայութիւնը», «Ինքնանկարը», «Պատերազմի  արհաւիրքը», «Մելանխոլիան»  20-րդ դարու համաշխարհային կերպարուեստի  նուաճումներէն են:

Թանգարանին մէջ ներկայացուած են բացառիկ  արժէքաւոր փաստաթուղթեր`  Ա. Իսահակեանի, Ա. Չօպանեանի, Հ. Քիւրքճեանի, Ռ. Տելոնէի, Լ.Ռոզենպերզի,Վ. Ժորժի նամակները եւ այլ հազուագիւտ վկայութիւններ:

«Գ.».- Եզրափակելու համար` ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք թանգարանը:

Կ.- Այսօր «Երուանդ Քոչար» թանգարանին մէջ կը ներկայացուին իւրօրինակ ցուցադրութիւններ, ձեռնարկներ, բազմաթիւ եւ բազմատեսակ կրթական ծրագիրներ` տարբեր տարիքային խումբերու մանուկներու համար: Կը ցուցադրուին նաեւ մայեսթրոյին ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ժապաւէններ:

Մեր նպատակն է երիտասարդներուն մէջ  արթնցնել հայրենասիրական ոգին եւ խոր յարգանքը` իրենց մշակութային  արժէքներուն նկատմամբ:

Մենք միշտ կ’առաջնորդուիք մեծ հօրս` Քոչարի խօսքերով, որ քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը  պէտք չէ մեզ` մոռցնել տան մեր հոգեկան արժէքները, ոչինչ  պէտք է խանգարէ մեզ լսելու գեղարուեստին ձայնը: Պէտք է ուղղուինք այն գաղափարով, որ որեւէ իրավիճակի մէջ պէտք է գտնենք լուսաւոր կէտ, ճամբայ, յոյս, որ կը ստեղծէ նոր նախագիծներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը – Է. Հայկազեանի Հրթիռները

Յաջորդը

Անորոշ Վաղորդայններ. Հայաստան, Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկա, Ասիա Եւ Այլուր

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.