Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Բաբայեան. «Արցախը Հայաթափելու Ազրպէյճանի Փորձերը Ձախողած Են»

August 14, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը թէեւ մէկ կողմէ շատ իւրայատուկ է, բայց ընդհանուր առմամբ հանգիստ է:

«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով վերջին օրերուն արցախեան-ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ արձանագրուած դէպքերուն եւ ազրպէյճանական զինուժի ռազմական սադրանքներուն:

Բաբայեան շեշտեց, թէ էական չէ, թէ ի՛նչ զինատեսակներ կը գործածէ ազրպէյճանական զինուժը Արցախի դէմ, քանի որ հիմնական նպատակը նոյնն է` հոգեբանականը եւ աշխարհաքաղաքականը, ոչ թէ ռազմականը:

«Ասիկա բազմաշերտ քաղաքականութիւն է: Նպատակը մէկ է` հայաթափել Արցախը: Իսկ եթէ հայաթափուի Արցախը` լրիւ այլ իրավիճակ կը ստեղծուի ո՛չ միայն Անդրկովկասի, այլ նաեւ հսկայական շրջանի մը մէջ` Հիւսիսային Կովկաս, Մերձաւոր Արեւելք, Միջին Արեւելք, Կեդրոնական Ասիա, Վոլկայի շրջաններ, Սեւ ծովու աւազան», յայտնեց նախարարը:

Ըստ Բաբայեանի, Ազրպէյճան զինուորական եւ այլ միջոցներով կը փորձէ հոգեբանօրէն ազդել Արցախի հայութեան վրայ, վհատեցնել ժողովուրդը, որպէսզի մարդիկ կտրեն իրենց յոյսը եւ փոխեն Արցախի մէջ ապրելու հեռանկարները, սակայն այդ փորձերը ձախողած են: Այս պարունակին մէջ ան շեշտեց, որ Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ առաքելութիւն դարձած է:

«Մենք պէտք է շարունակենք ապրիլ այստեղ: Արցախի մէջ ապրիլը արդէն իսկ, կարելի է ըսել, ինչ որ առաքելութիւն մըն է, ոչ թէ լոկ կենցաղային առօրեայ: Հետեւաբար պէտք է հանգիստ վերաբերինք այդ ամէնուն եւ շարունակենք մեր աշխատանքը, մեր ծառայութիւնը: Այդ փորձերը, վստահաբար, չեն ազդեր, բայց պէտք է այնպէս ընենք, որ աւելի ամրապնդենք մարդոց յոյսն ու հաւատքը: Այս պատճառով անհրաժեշտ է համապարփակ, միասնական մօտեցում, ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն, ճիշդ ներքին քաղաքականութիւն պէտք է վարենք, եւ այլն, եւ այլն»,  բացատրեց Դաւիթ Բաբայեան` ընդգծելով, որ նախ եւ առաջ ժամանակի կարիք կայ, որպէսզի մարդիկ դուրս գան ճնշումէն: Երկրորդ` պէտք է անսասան հաւատք ունենան, համախմբուած ըլլան, եւ երրորդ` տեղ տան գիտութեան, մասնագիտացման եւ հայրենասիրութեան:

«Խնդիրները շատ են, ընելիքները շատ են, բայց` միանգամայն իրականանալի, այսինքն` կրնանք պահել այն, ինչ որ ունինք», աւելցուց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Բանակ. «Հայկական Կողմը Արցախի Մէջ Հրադադարը Չէ Խախտած»

Յաջորդը

125 Տարիներ Առաջ Այս Օրը Պոլսոյ Պանք Օթոմանը Կը Գրաւուի Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին Կողմէ:

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.