Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան 50 Տարուան Ժամկէտով Արգիլեց Ռուսերը Վիրաւորած Ազրպէյճանցի Դիւանագէտին Ռուսիա Մուտքը

August 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 50 տարուան ժամկէտով արգիլեց Ռուսիա մուտքը երկու տեսապլոկըրներու` մէկը ազրպէյճանցի, իսկ միւսը` ղազախ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան:

Կը նշուի, որ վերոնշեալներուն տեսանիւթերուն մէջ կը ցուցադրուին ազգային ատելութիւն հրահրելու յստակ նշաններ:

«Այսօր… որոշումներ տրուած են 50 տարուան ժամկէտով Ռուսիա մուտք գործելու արտօնութիւն չտրամադրել Ղազախստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քուաթ Ահմետովին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Իսֆանտիար Վահապզատէին, որոնք ազգամիջեան ատելութիւն հրահրող հրապարակային յայտարարութիւններ կատարած են», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ղազախստանի բնակիչ Քուաթ Ահմետով «ԵուԹիուպ»-ի իր ալիքին վրայ հրապարակած է շարք մը տեսանիւթեր, որոնց մէջ ան «ֆաշական» կը կոչէ այն ղազախները, որոնք ռուսերէն կը խօսին: Ղազախստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ Տաուրեն Ապայեւ արդէն դատապարտած է պլոկըրին գործունէութիւնը եւ վստահութիւն յայտնած, որ իրաւապահ մարմինները արդար իրաւական գնահատական պիտի տան:

Նախապէս ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ տղամարդ մը, որ ներկայացած էր իբրեւ Պիելոռուսիոյ, Մոլտովայի եւ Փաքիստանի մէջ Ազրպէյճանի նախկին դեսպան Իսֆանտիար Վահապզատէ, վիրաւորանքներով կը խօսէր Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի եւ ռուս ազգի հասցէին:

Յիշեցնենք, որ Տումայի փոխնախագահ Փիոթր Թոլսթոյ ընկերային ցանցերու վրայ խոստացած էր, որ ազրպէյճանցի նախկին դիւանագէտի` ռուս ժողովուրդի հասցէին ուղղած վիրաւորական խօսքերը առանց հետեւանքներու պիտի չմնան:

Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նախազգուշացուցած է, որ Ռուսիոյ, անոր բնակիչներուն եւ արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներուն դէմ ապակառուցողական գործողութիւններու կոչ ուղղող օտարերկրացիներուն չեն արտօներ մուտք գործել երկիր, որովհետեւ Ռուսիոյ մէջ անոնց ներկայութիւնը կրնայ սպառնալ հասարակական կարգին եւ անվտանգութեան:

 

Նախորդը

«Մեծ Քաղաքները Արագօրէն Գրաւելնիս Աֆղաններուն Մեզ Ողջունելը Կը Հաստատէ» Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը

Յաջորդը

«Մարոքն Ու Իսրայէլը Երկու Ամսուան Ընթացքին Փոխադարձաբար Դեսպանատուներու Բացում Պիտի Կատարեն» Կ՛ըսէ Լափիտ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.