Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր կ՚ երթանք

August 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան, մոնրէալաբնակ, Դիմատետրի իր էջին վրայ 11 օգոստոսին կը գրէ.

«Տասը օրէ աւելի է` Երեւան եմ: Պատկերը ցնցիչ է: Ճիշդ է, որ կեանքը պիտի շարունակուի, սակայն քաղաքամէջի եւ շրջակայքի փողոցներէն անցնելով եւ եզերող սրճարաններու զուարթ ու շաղակրատող ամբոխը դիտելով` կը կարծես, որ քաղաքի բնակչութիւնը իր յիշողութիւնը կորսնցուցած է (նման պատում մը կարդացած էի Մարքեզի «Հարիւր տարուան մենութիւն» գործին մէջ): Կարծես` հինգ հազարէ աւելի զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ եւ հաշմանդամներ, անհետ կորածներ եւ գերեվարուածներ չենք ունեցած կամ չունինք… Կամ` յաւելեալ հողային ու մարդկային կորուստներու վտանգը դամոկլեան սուրի պէս մեր գլխուն վրայ կախուած չէ»:

Իսկ  Յարութ Կիւլիւզեան կը պատասխանէ.

«Պրն. Պէրպէրեան, ուրիշ ձեւ չկայ բուժուելու: Որպէսզի առաջ անցնինք, պիտի ընդունինք եղածը»:

Այս «առաջ անցնիլ»-ը սուր սուլոցի պէս ծակեց ականջս: Առտուան` սուրճ խմելու ալ չսպասեցի: Պէտք էր գրէի.

«Առաջ անցնիլ»-ը ի՞նչ է, կարենալ ապրիլ զոմպիի՞ պէս: Ամէն օր աւելի՞ զոհեր եւ կորուստներ ունենալ, սահմանամերձ գիւղերը արհաւիրքի մէջ ապրեցնել, դիմադրողները բանտարկել, խորհրդարանի մէջ այլեւս

օր ցերեկով դաւադրող մեծամասնութիւն մը ունենալ եւ բերանը կղպած, ձեռքերը ծալած պիղատոսական կեա՞նք մը վարել:

Առաջ անցնի՞լ, արդէ՛ն խոր փոսի մը մէջ ենք, մեր հայրենական հողերն ու էութիւնը կորսնցնելու ընթացքին մէջ: Չէ՞ք կարծեր որ ձեր տունը խլուելէ, ձեր եղբայրները սպաննուելէ, անոնց զաւակները որբանալէ, մայրերը ցկեանս տրտմութեան մէջ թաթխելէ ետք, մեր փոքրաթիւ ազգը քառասունչորս օրուան մէջ տասը հազար հաշմանդամներ եւ հինգ հազար զոհեր ունենալէ, հայոց երկինքի տակ մեծցած մեր գերեվարուածները խոշտանգուելէ, մեր կիները բռնաբարուելէ ետք, Շուշին առանց փամփուշտի յանձնուելէ, մեր կենսուրախ գիւղերը թշնամիին կողմէ գրաւուելէ ետք, «ուրիշ ձեւ չկայ» մտածելը` հայրենասիրութեան հանդէպ թմրութիւն, կեանքէ զրկուածներուն նկատմամբ անտարբերութիւն, աղէտի մը յաճախ յաջորդող հոգեկան կամ դատողութեան խանգարում կը նշանակէ:

Այժմու աւագանին ֆիզիքական, նիւթական, հոգեկան ցնցումներով ողողեց մեր մինուճար ժողովուրդը: Ցեղասպանութիւն չկայ եղեր, պահանջատիրութիւն պէտք չէ ըլլայ եղեր. Է՜, տիրութի՜ւն ալ չկայ: Փրփրերախ ելոյթներ` ուզածի՜դ չափ:

Ժողովուրդին աքցանելէ ետք` մուրճ ճօճել, արձակազէններ զետեղել: Ո՞ւր մնաց «պատին տակ կանգնիմ, զիս գնդակահարեցէք»-ը: Անցաւ նշուած երկու ամիսը, տակաւին վարչապետին շնորհած «արձակուրդ»-ին մէջ են ռազմագերիները` ազերիներու «հիւրընկալութեամբ»….

Պարո՛ն Կիւլիւզեան, որքա՞ն պիտի յառաջանաք ձեր չգիտակցած խրամատին մէջ, որովհետեւ հետզհետէ հարուածներն ու տագնապները պիտի զգետնեն ձեր հայակենցաղ կեանքն ու էութիւնը: Անմտօրէն պարտուեցանք, մատղաշ արիւն զոհեցինք. չենք կրնար յառաջանալ, երբ պատճառները չեն ստուգուած, ուսումնասիրուած եւ դեռ ամէն օր հոգեկան զաւթումի կ՛ենթարկուինք: Զրկանքն ու արժանապատուութիւնը խեղճուկրակ ստորոտի մէջ կ՛ապրին, պարգեւավճարներն ու հարստութիւնը գագաթին վրայ կը ծածանին: Ձեր ինքնախաբէաբար «առաջ անցնելու» ընթացքին … կ՛անդամահատուինք: Այս իրավիճակը բուժո՞ւմ կը նկատէք:

Ուրկէ՛ եկանքը գիտենք: Ո՞ւր կ՛երթանքը աւելի չխորացած, իբրեւ ազգ` արդարադատութիւն եւ հատուցում պէտք է պահանջել: Դուք «բուժուելու» անզգամ ձեւ մը գտեր էք, երբ ձեր հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքը նպատակադրուած խողխողուած է, երբ մեր պապենական ժառանգը, մեր սրբավայրերը, երեսուն տարուան թաքուն համաձայնութիւններով, կէս վայրկեանի ստորագրութեամբ, թշնամիին յանձնուած են: Եւ դեռ կը յանձնուին…

Հայաստանի եւ սփիւռքի ժողովուրդին գլխուն անա՜նկ խաղ մը կը խաղցուի…

Կը ներէք «անզգամ» ածականը գործածելուս: Բայց դուք կը վիրաւորէ՛ք բոլոր անոնք, որոնք կը ցաւին երիտասարդ Եռաբլուրի սուգի արտասուքին համար, իշխանաւորներու շարունակուող ամբարտաւան, բռնատիրական կեցուածքին համար:

Փա՜ռք Աստուծոյ, որ տեղ-տեղ կոյրեր եւ անխիղճներ չկան: Անոնք կը տեսնե՜ն «Ո՞ւր կ՛երթանք»-ին վախճանը: Անոնք չեն լռեր երբ մեր ազգին էութիւնը կ’անէանայ:

Օգոստոս 11, 2021թ

Նախորդը

Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ. Զգուշացման Կոչ

Յաջորդը

Ծանօթ Էք «Անոնիմաուս» Արուեստագէտներու Խմբակին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.