Երէկ` երեքշաբթի, 10 օգոստոսին, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան ընդունեց Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցած գիւմրեցի մարզիկները:
Բալասանեան ըսաւ, որ թէեւ ակնկալիքները աւելի մեծ էին, սակայն յատկապէս ողիմպիական մարզաձեւերուն մէջ քաղաքականութիւնը իր ըսելիքը ունի:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերու իրաւարարներէն մեծապէս դժգոհ մնացին յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Արթուր Ալեքսանեան եւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով:



