Սլովենիոյ պասքեթպոլի ազգային խումբի խաղացող Լուքա Տոնքիչ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Տալաս Մավըրիքսի հետ:
Ըստ ամերիկեան մամուլին, կողմերը իրարու հետ պիտի կնքեն հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 207 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Նախորդ տարեշրջանին 22 տարեկան Տոնքիչ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակեց 27,7 կէտ: