Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները շաբաթ օր Տոհայի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած են աֆղանական Թալեպան արմատական շարժումի անդամներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը` յղում կատարելով գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին:
Օրաթերթին տուեալներով` բանակցութիւններուն մէջ Գերմանիան ներկայացուցած է Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի հարցերով յատուկ բանագնաց Եասփեր Վիքը: Հանդիպումը նախապատրաստուած է դաշնակցային հետախուզական ծառայութեան կողմէ եւ համակարգուած եղած է Միացեալ Նահանգներու հետ:
Աղբիւրին հաղորդմամբ` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Աֆղանիստանի մէջ մարդասիրական կազմակերպութիւններու գերմանացի աշխատակիցներու անվտանգութեան երաշխիքներու եւ երկրին մէջ միջազգային գործողութիւններու ժամանակ Պունտեսվերին` գերմանական բանակին աջակցութիւն տրամադրած աֆղաններու դրութեան հարցը:
Կը նշուի, որ ներկայ պահուս Աֆղանիստանի մէջ կան շուրջ 700 աֆղաններ, որոնք համագործակցած են գերմանական կողմին հետ: Անոնցմէ 500-ը ցանկութիւն յայտնած է մեկնիլ Գերմանիա:
Գերմանական օրաթերթը կը յայտնէ, որ երկիրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է թալեպաններու, ինչպէս նաեւ աֆղանական կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ Քապուլի մէջ հանդիպումը:
Յիշեցնենք, որ 14 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր Աֆղանիստանէն ամերիկեան եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերու հեռացման մասին, որմէ ետք երկրին մէջ աշխուժացած է Թալեպան շարժումը: Թալեպանները յառաջընթացներ արձանագրած են երկրի շարք մը շրջաններու մէջ, ներառեալ` սահմաններուն վրայ:



