Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հաւաքական Յոյս` Վերականգնումի

August 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը աշխարհի տարածքին որոտացած պայթումներուն մէջ իր հզօրութեամբ, տարողութեամբ եւ գործած աւերով կը գրաւէ առաջին հորիզոնականները:

Պայթումի ատեն արդէն Լիբանանը ենթարկուած էր տնտեսական պաշարումի, ինչ որ յաւելեալ ծանրութեան տակ դրաւ ամբողջ հասարակութիւնը:

Միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրները զգուշաւորութեամբ հասցուցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ: Բոլորը նկատի կ՛ունենային աշխարհաքաղաքական կեդրոնի կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը:

Այդուհանդերձ, օժանդակութիւնները, կառավարութիւնը շրջանցելով, տարբեր տեսքերով հասան քաղաքացիին: Ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները յաւելեալ ենթահող հարթեցին` կայանալու, քաղաքացիներուն հետ կապ հաստատելու, օժանդակութիւններ տրամադրելու:

Հասարակութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ պետական օղակներու անդամալոյծ վիճակին եւ անոր դիմաց պետական ծառայութիւններու համապատասխան գործունէութիւն ծաւալող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխուժ երեւոյթին:

Այս երեւոյթը պիտի շարունակուի յայտնապէս: Նոյնիսկ նոր կառավարութեան կազմութիւնը չի կրնար կտրուկ կշռոյթներով վերականգնել պետական ծառայութիւններու կազմակերպումը: Ուրեմն այդ բացը պիտի լրացնեն ոչ կառավարականները, որոնց գործունէութիւնը չի պայմանաւորուիր Պէյրութի նաւահանգիստի հետեւանքները վերացնելու գործառոյթներով միայն:

Թերեւս միակ համայնքը լիբանանահայութիւնն էր, որ օժանդակութիւններու կազմակերպման ցանցային համակարգի փայլուն կատարողականութիւն ցուցադրեց: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն մինչեւ եւրոպական երկիրներ ու միջինարեւելեան մեր համայնքները` բոլորը անխտիր կազմակերպեցին դրամահաւաքներ, սննդեղէնի, դեղորայքի ամբարումներ եւ ուղարկումներ:

Բոլորը ունէին այն գիտակցութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող կեդրոնական համայնք է, եւ անոր հարուածուիլը սփիւռքին ու համայն հայութեան հասած հարուած է:

Ցանցային այս համակարգի աշխատելուն առընթեր, կար նաեւ ներքին ինքնակազմակերպումը: Ամբողջ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւնները համախմբուեցան` վերականգնելու համար հարուածուած լիբանանահայութիւնը:

Թէ՛ ներքին ինքնակազմակերպումը եւ թէ՛ համահայկական ցանցային համակարգի օժանդակութիւնները պարզեցին եզակի պատկեր` ամբողջ լիբանանեան հասարակութեան մէջ: Ոգին եւ աշխատանքային փորձառութիւնը համատեղուած` տուին արդիւնք. լիբանանահայը ոչ միայն ստացաւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքները` սնունդ, դեղորայք եւ ի պահանջել հարկին` հիւանդանոցային խնամք, այլ նաեւ վերանորոգեց իր բնակարանը, վաճառատունը եւ յուսաց: Յուսաց, որ արտաքին հանգամանքները փոփոխութիւն կը բերեն ներլիբանանեան կեանքին  եւ երկիրը տնտեսականօրէն կ՛ապաշրջափակեն:

Մեր այսօրուան թիւը ամբողջովին յատկացուած է Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին, լիբանանահայութեան ինքնակազմակերպումին եւ համահայկական համակարգային ցանցի արդիւնաւէտ աշխատանքին:

Բայց նաեւ` հաւաքական յոյսին. կեդրոնական հանգամանք ունեցող լիբանանահայութեան վերականգնումին:

 

 

Նախորդը

Յանցաւորները Պէտք Է Պատժուին, Մենք Պիտի Մնանք Ձեր Կողքին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.