Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Մտահոգ Է Հայաստանի Սահմանային Անվտանգութեան Առնչութեամբ» Կ՛ըսէ Դեսպան Լաքոթ

July 29, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամբողջովին տեղեակ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, մասնաւորաբար Գեղարքունիքի մարզին մէջ զինեալ գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան: Մենք միտքով զինուորներուն հետ ենք եւ քաջ կը գիտակցինք, որ այս ամէնը տեղի կ՛ունենայ հայ-ազրպէյճանական սահմանի վիճակի շարունակական վատթարացման ծիրին մէջ», յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ` «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի պեղումներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին եւ ընդգծեց, որ միտքով նաեւ Գեղարքունիքի մէջ է:

Դեսպանը նշեց, որ այս իրադարձութիւնները կը յառաջացնեն Ֆրանսայի մտահոգութիւնը, որովհետեւ ատով զինադադարը կը խախտուի, ինչի պատճառով Հայաստանի սահմաններու անվտանգային վիճակի վատթարացում կ՛արձանագրուի:

«Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ վերսկսելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքական հոլովոյթին, սակայն միեւնոյն ժամանակ, ատիկա պէտք է ըլլայ արդար ու պէտք չէ տեղի ունենայ ուժի կամ այլ ազդեցութեան տակ», շեշտեց Լաքոթ: Ըստ անոր, Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հաղորդակցութիւններ կան Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, որպէսզի նախ եւ առաջ սահմանային լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ ներդրում ունենան, իսկ երբ պահը գայ, ներդրում ունենան նաեւ քաղաքական հոլովոյթին մէջ:

«Այս պահուս մեր հիմնական մտահոգութիւնը Հայաստանի սահմաններուն վիճակն է: Բնականաբար, մեր միտքին մէջ է, եւ մենք չենք մոռնար 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած համաձայնագիրին որոշ կէտերը, որոնց հետ տակաւին խնդիրներ կան, մասնաւորաբար, Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր պատերազմական գերիներու ազատ արձակման կէտը», նշեց դեսպանը:

Անդրադառնալով Էմանուէլ Մաքրոնի` Հայաստան սպասուող այցելութեան` դեսպան Լաքոթ նշած է, որ այցելութեան համար յստակ թուական տակաւին չկայ, Ֆրանսայի նախագահը Երեւան պիտի գայ այն ժամանակ, երբ այցելութիւնը օգտակար ըլլայ շրջանին մէջ քաղաքական հոլովոյթներուն աջակցելու համար: «Այդ պահուն ալ պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կարելի փաստաթուղթ կրնայ ստորագրուիլ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ», եզրափակած է Ֆրանսայի դեսպանը:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքներուն Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

ՄԱԿ-ը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Լարուած Իրավիճակին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.