Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Կը Հետեւի, Իսկ Թուրքիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թունուզի Զարգացումներուն Նկատմամբ

July 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յատյնեց, որ իր երկիրը «կը հետեւի Թունուզի կացութեան եւ կը յուսայ, որ որեւէ բան այնտեղի քաղաքացիներուն անվտանգութեան պիտի չսպառնայ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց Թունուզի մէջ խորհրդարանի աշխատանքի սառեցման նկատմամբ եւ յոյս յայտնեց, որ ժողովրդավարական օրինականութիւնը շուտով կը վերականգնի:

«Թունուզը շրջանին մէջ ժողովրդային ձգտումներու ծիրին մէջ ժողովրդավարական երթի առումով բնորդային յաջողութեան պատմութեան տէր է, եւ Թունուզի այս իւրայատուկ դիրքին եւ անոր ժողովրդավարական ձեռքբերումներուն պաշտպանութիւնը երկրին ու նաեւ շրջանին համար մեծ կարեւորութիւն ունին», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Թուրքիան կը կանգնի Թունուզի կողքին, որուն հետ եւ որուն եղբայրական ժողովուրդին հետ պատմական ուժեղ կապեր ունի:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց. «Այն ինչ որ ներկայիս Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենայ, յեղաշրջում է, որուն թիրախը քաղաքական օրինականութիւնն է»: Ան նշեց. «Երկրի նախագահին կողմէ այս քայլը սահմանադրական ենթահող չունի»:

Միւս կողմէ, Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտ զինեալ ուժերու եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներու արտակարգ ժողով մը գումարեց, եւ որոշեց վարչապետ Հիշամ Մաշիշին հեռացնել իր պաշտօնէն:

Ցուցարարներ երէկ շարունակեցին հաւաքուած մնալ թունուզեան խորհրդարանի շէնքին առջեւ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ նախագահ Սայիտ վստահեցուցած է, որ իր որոշումը վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ խորհրդակցաբար որդեգրած է` նշելով, որ «Նահտա» շարժումը իր համակիրներուն կոչ ուղղած է փողոց դուրս գալու:

Նշենք, որ կիրակի օր Թունուզի մայրաքաղաքին մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ փողոց դուրս եկան տօնելով Թունուզի նախագահի` տարբեր քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերէն ետք վարչապետը պաշտօնազրկելու եւ խորհրդարանի աշխատանքը 30 օրով սառեցնելու որոշումը:

Մինչ այդ, ցուցարարներ Թունուզի մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ հրկիզեցին Իսլամ եղբայրներու գաղափարակից Նահտա կուսակցութեան մէկ կեդրոնը:

 

Նախորդը

Վատիկանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացայայտած Է Իրեն Պատկանող Սեփականութեան Մասին Տուեալները

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Կը Շարունակուին Ըմպելի Եւ Ոռոգման Ջուրի Բացակայութեան Պատճառով Ցոյցերը. Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.