Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկանը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բացայայտած Է Իրեն Պատկանող Սեփականութեան Մասին Տուեալները

July 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանը առաջին անգամ բացայայտած է իրեն պատկանող սեփականութեան եւ անշարժ գոյքի քանակը` յայտնելով, որ անոնց թիւը աւելի քան 5000 է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը հրապարակուած է երբեւէ կատարուած ամէնէն մանրամասն ելեւմտական բացայայտման ծիրին մէջ:

Տեղեկութիւնը հրապարակուած է երկու փաստաթուղթերով` Վատիկանի 2020 թուականի համախմբուած ելեւմտական հաշուետուութեան եւ Վատիկանի եկեղեցական սեփականութեան վարչութեան (ԱՓՍԱ)` պատմութեան մէջ առաջին պետական պիւտճէի ծիրին մէջ:

ԱՓՍԱ-ն ընդհանուր հաշուապահութեան գրասենեակն է, որ կը համակարգէ ներդրումները, կը վճարէ աշխատավարձերը եւ կը ղեկավարէ մարդկային ներուժի բաժինը:

Հրապարակուած փաստաթուղթերը կը ներառեն աղիւսակներ, քարտէսներ եւ երկու բացատրական հարցազրոյց: Բացի ատկէ, 30 էջնոց պիւտճէին մէջ կը մատնանշուի 4051 սեփականութիւն Իտալիոյ մէջ եւ շուրջ 1120 սեփականութիւն արտասահմանի մէջ` առանց հաշուելու դեսպանատուները:

Իտալիոյ մէջ գտնուող սեփականութեանց միայն 14 առ հարիւրը կը գնահատուի շուկայական գիներով, մինչդեռ միւսները վարձու կը տրուին աւելի ցած գիներով եւ հիմնականին մէջ կը տրամադրուին եկեղեցւոյ աշխատակիցներուն: 40 առ հարիւրը հաստատութենական կառոյցներ են, ինչպէս, օրինակ` դպրոցներ, մենաստաններ եւ հիւանդանոցներ:

Փաստաթուղթերուն համաձայն, Վատիկանը ներդումներու տեսքով սեփականութիւն ունի Լոնտոնի, Ժընեւի, Լոզանի եւ Փարիզի մէջ:

 

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Նախատեսէ, Որ Յառաջիկայ Տասնամեակներուն 3 Տեսակի Քաղցկեղ Կրնայ Անհետանալ

Յաջորդը

Ռուսիա Կը Հետեւի, Իսկ Թուրքիա Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թունուզի Զարգացումներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.