Թոքիոյի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ, երէկ` ուրբաթ, 23 յուլիսին, պաշտօնապէս մեկնարկը տրուեցաւ 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն:
Ներկայութեամբ միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախի, Ճափոնի կայսրը` Նարուհիթօ, ողիմպիական խաղերը յայտարարեց բացուած:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերու ամբողջ պատմութեան ընթացքին զոհուածներուն:
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցան յատուկ ներկայացումներ, որոնք ամփոփ ձեւով ներկայացուցին, 1964-էն սկսեալ մինչեւ այս խաղերուն ամբողջ պատմութիւնը:
Ապա սկսաւ պատուիրակութիւններուն տողանցքը, որուն մասնակցեցան 207 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին դրօշակակիրներն էին` կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով եւ լողորդ Վարսենիկ Մանուչարեան:
Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ կռփամարտիկներ Կորիւն Սողոմոնեան, Արման Դարչինեան, ժիւտօ խաղացող Ֆերտինանտ Կարապետեան, լողորդ Արթուր Բարսեղեան, ծանրաբարձ Իզապելլա Եայլեան, ծանրաբարձութեան հաւաքականի մարզիչ Վիգէն Խաչատրեան եւ այլ մարզիչներ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան:
Ողիմպիական այս խաղերը պիտի շարունակուին մինչեւ 8 օգոստոս:
Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, որ տեւեց երկու ժամ, մարզիկներուն պաշտօնական երդումը տուին վեց մարզիկներ:
Իսկ բացման հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ կրակի վառման արարողութեամբ:
Այդ կրակը վառեց թենիսվումըն Նաոմի Օսաքա:
Տողանցող երկիրներուն կարգին եղաւ նաեւ Լիբանան:
Հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, ինչպէս նաեւ ողիմպիական կոմիտէի այլ անդամներ, նաեւ լիբանանցի մարզիկներ:
Լիբանան եղաւ վերջին տողանցող երկիրը, ըստ ճափոնական այբուբենին:
Այս խաղերուն Լիբանան կը մասնակցի հետեւեալ վեց մարզիկներով.
Ռէյ Պասիլ (նշանառութիւն), Էլիաս Նասիֆ (ժիւտօ), Մունզեր Քապպարա եւ Կապրիելլա Տուէյհի (լողարշաւ), Մահասեն Ֆաթթուհ (ծանրաբարձութիւն) եւ Նուրէտտին Հատիտ (աթլեթիզմ):





