Կռփամարտի աշխարհի կրկնակի ախոյեան, Եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, արհեստավարժ կռփամարտի երկրորդ թեթեւագոյն քաշային կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի «Կոլտ» գօտիի յաղթական ռուսահայ Միշա Ալոյեան արձանագրեց յաղթանակ մը, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի յատուկ մրցաշարքի մը ընթացքին:
Ալոյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց Թանզանիոյ ներկայացուցիչ Մչանիու Եոհանուն:
Նշենք, որ Ալոյեանի այս մենամարտը տեղի պէտք էր ունենար դեկտեմբեր 2020-ին, սակայն ան վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով:



