Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Կառավարութիւնն Ու Թալեպան Շարժումը Բանակցութիւնները Արագացնելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

July 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոհայի մէջ երկու օր տեւած բանակցութիւններէն ետք Աֆղանիստանի կառավարութիւնն ու Թալեպան շարժումի ղեկավարները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշած են, որ դարձեալ պիտի հանդիպին, որովհետեւ կը ծրագրեն արագացնել խաղաղ բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Կողմերը կը յայտնեն, որ «մինչեւ լուծման հասնիլը, պարտաւորուած ենք շարունակել բարձր մակարդակով բանակցութիւնները», եւ աւելցուցած, որ պիտի աշխատին Աֆղանիստանի ամբողջ տարածքին մէջ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ:

«Ժազիրա»-ն նշած է, որ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումները ընդհատումներով շարունակուած են ամիսներով, սակայն նկատելի յաջողութիւն գրեթէ չէ արձանագրուած, որուն պատճառը Թալեպան շարժումի զինեալներուն նուաճումներն են: Հանդիպումներու աւարտին երկու կողմերն ալ նշած են, որ կ՛ուզեն խաղաղ ճամբով լուծել տագնապը:

Կ՛ենթադրուի, որ Թալեպան շարժումի ուժերը այս պահուս կը վերահսկեն Աֆղանիստանի 400 բնակելի շրջաններէն կիսուն, քանի մը կարեւոր սահմանային անցակէտերու եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող նահանգային մայրաքաղաքներու: Անոնք կը գործեն միաւորուած, արդիւնաւէտ հրամանատարական շղթայի տակ, սակայն հարց կը յառաջանայ, թէ արդեօք  համաձայնութեան պարագային կարելի պիտի ըլլա՞յ ապահովել փաստաթուղթին տեղական հրամանատարներու հաւատարմութիւնը:

Կառավարական զօրքերը իրենց կարգին յայտնած են, որ գործած են 244 գործողութիւն, որոնց ընթացքին սպաննած են 967 թալեպան, ներառեալ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող հրամանատարներ:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անտառային Հրդեհներ

Յաջորդը

Հիւսիսային Կիպրոս Այցելելով` «Այս Կղզիին Վրայ Երկու Պետութիւններ Կան Եւ Երկու Ժողովուրդներ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.