Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Ասթանայի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան շատ հաւանական է, որ իր ակումբը լքելով տեղափոխուի Սլովաքիա:
Նշուեցաւ, որ հայրենի ֆութպոլիստով շուրջ ամիսէ մը ի վեր հետաքրքրուած է Պրաթիսլաւայի Սլովանը:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Սլովան եւ Ասթանա արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են Բարսեղեանի փոխանցման գումարին շուրջ:



