Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կը Հրաժարի Կառավարութիւնը Կազմելու Պարտականութենէն. Նախագահ Աուն Շուտով Կը Ձեռնարկէ Վարչապետի Նշանակման Նոր Խորհրդակցութիւններու

July 16, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ իննամսեայ ձգձգումէ ետք, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին հետ քննեց նախանցեալ օր իր ներկայացուցած կառավարութեան ցանկին «ճակատագիրը»: Կարճատեւ խորհրդակցութենէ ետք, Հարիրի Պաապտայի հարթակէն յայտարարեց իր հրաժարականը` զայն վերագրելով նախագահ Աունի եւ իր միջեւ համախոհութեան չգոյութեան: «Նախագահին ներկայացուցի 24 նախարարներէ բաղկացած ցանկ մը եւ 24 ժամուան նոր առիթ տուի անոր, որ սերտէ եւ ապա  պատասխանէ,  սակայն նախագահ Աուն ըսաւ, որ մենք պիտի չկարենանք համաձայնիլ», յայտնեց Հարիրի` իր հրաժարականը արդարացնելով:

Իր կարգին, Պաապտայի նախագահական պալատը հաղորդագրութեամբ մը անդրադառնալով Հարիրիի յայտարարութիւններուն պարզեց իր տեսակէտը: Ըստ նախագահական պալատի հաղորդագրութեան, Հարիրի իր կողմէ նախորդ 18 նախարարներու թեկնածուներու ցանկին վրայ աւելցուցած է վեց նոր թեկնածուներու անուններ` հիմնական փոփոխութեան ենթարկելով նախորդ 18 թեկնածուներու ինքնութիւնները: «Ամէն անգամ որ փորձ կը կատարուէր անունի մը շուրջ խորհրդակցելու, Հարիրի կը մերժէր` ըսել ուզելով. «Կա՛մ կ՛որդեգրէք այս ցանկը, կա՛մ ալ կը մերժէք զայն»: Հետեւաբար կարելի չեղաւ համախոհութեամբ քննարկել այս հարցը»: Պաապտայի տեղեկատուութեան գրասենեակը յայտնեց, թէ Հարիրի նախապէս վճռած էր հրաժարիլ, եւ իր կեցուածքները պարզապէս իր հրաժարականը արդարացնելու կը ծառայէին: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, թէ նախագահ Աուն շուտով պիտի ձեռնարկէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութեանց` վարչապետի նոր թեկնածուի նշանակման գծով:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպաններ  Տորըթի Շիա եւ Անն Կրիօ երէկ առաւօտ խորհրդակցեցան նախագահ Աունի հետ անոր յանձնելով երկու երկիրներու համապատասխան արտաքին գործոց նախարարներուն նամակները` կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան թելադրանքով: Նախագահ Աուն փորձած է յետաձգել հանդիպումը ժամանակի պատճառով, սակայն դեսպանները պնդած են անպայման առաւօտուն փոխանցել իրենց պատգամները:

Հարիրիի հրաժարումը նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան պատմութեան մէջ բացաւ նոր էջ, որուն գծով մեկնաբանութիւններն ու թելադրանքները չուշացան:

Սակայն կար աւելի կարեւոր ազդակ մը, որ կայծակնային արագութեամբ հակազդեց Հարիրիի հրաժարականին` ամերիկեան տոլարին սակագինը քանի մը ժամուան ընթացքին աւելի քան երկու հազար լիբ. ոսկիի բարձրացում արձանագրեց` հասնելով 22 հազարի սահմանը, ինչ որ երկիրը կրնայ մղել տնտեսական ու ապրուստի վիճակներու սրընթաց վատթարացման` թեւակոխելով գահավիժումի վտանգաւոր փապուղի:

Լիբանանեան թղթոսկիի հսկայական արժեզրկումը  եւ տոլարին սլացիկ «թռիչքը»  «Տոմինօ»-ի քարերու նման փլեցին ու ոտնակոխեցին նոյնքան կենսական այլ մարզերու կայունութիւնը: Փաստօրէն Հարիրի տակաւին Պաապտայէն իր նստավայրը չհասած արդէն երիտասարդ ցուցարարներու զայրացած ամբոխներ փողոց իջնելով անիւներ հրկիզեցին ու փակեցին զանազան մայրուղիներ` երթեւեկի ահաւոր խճողում ստեղծելով:

Ընդվզած ցուցարարները` մեծ մասամբ Հարիրիի զօրակիցներ, քարկոծեցին եւ վիրաւորեցին` կացութիւնը հանդարտեցնելու միտումով նոյնպէս փողոց իջած ապահովական ուժերը եւ լիբանանեան բանակի զինուորները: Ցուցարարները անարգական վիրաւորանքներով եւ հայհոյանքներով սաստեցին հանդարտութեան կոչ ուղղող զինուորական թէ քաղաքային խաղաղարար միջամտողները:

Այս իմաստով ցոյցերը հիմնականին մէջ կատարուեցան հիւսիսային Լիբանանի` Աքքարի եւ մերձակայ շրջաններուն, հարաւային Սուրի եւ Սայտայի հրապարակներուն, Պէյրութի հիմնական շրջաններուն` Մարզական աւանի, Քոլայի, Պարպիրի, Թարիք Ժտիտէի մէջ` հասնելով մինչեւ Շուֆի, Նաամէի եւ մերձակայ շրջանները:

Արձագանգներ

Չուշացան նաեւ Հարիրիի հրաժարականէն ետք պարզուելիք քաղաքական, տնտեսական թէ ապահովական կացութեան գծով մեկնաբանութիւնները, զգուշացումները, թելադրանքներն ու մտավախութիւնները:

Այս ծիրին մէջ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Ժան Իվ Լը Տրիան միասնաբար խորհրդակցեցան նաեւ Լիբանանի կացութեան շուրջ` յայտնելով, որ իրենք կը հետեւին Լիբանանի կացութեան զարգացումներուն:

Աւելի ուշ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան  յոյս յայտնեց, որ տակաւին ժամանակ կայ վերականգնելու` ցաւ յայտնելով Հարիրիի հրաժարականին համար: Ֆրանսացի նախարարը յետ հրաժարականի փուլը նկարագրեց իբրեւ «լուծման յանգելու գծով պատասխանատուներու անկարութեան աղէտալի նոր փուլ մը»:

ՄԱԿ-ի փոխներկայացուցիչ Ամինէ Մոհամետ ցաւ յայտնեց Հարիրիի հրաժարման գծով եւ կոչ ուղղեց երկրի վարիչներուն` կառավարութեան կազմութեան գծով շուտափոյթ համախոհութեան յանգելու` դիմակալել կարենալու համար մարտահրաւէրները:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ցաւ յայտնեց Հարիրիի հրաժարականին համար` նշելով, որ անիկա խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ Լիբանանի համար: «Այսուհանդերձ, մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ Լիբանանին», ընդգծեց Ապուլ Ղէյթ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ «Հարիրի եւ Աուն ջրեցին ֆրանսական նախաձեռնութիւնը»: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսայի միջամտութեամբ կարելի է Միջազգային դդրամական ֆոնտէն օժանդակութիւն ստանալ:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի, առանց սակայն Սաատ Հարիրիի: Ուահապ անհաւանական նկատեց, որ երկիրը կրնայ անիշխանութեան երթալ, հակառակ կարգ մը բողոքի ելոյթներու: Ուահապ անհաւանական չնկատեց Լիբանանի գծով սէուտական կեցուածք մը, «որ կրնայ զարմացնել բոլորը»:

Հարիրիի Հարցազրոյցը. «Շատոնց Որոշած Էի Հրաժարիլ»

Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» կայանէն պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հրաժարած վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, թէ ինք շատոնց մտադիր էր հրաժարելու, «սակայն կարգ մը կողմերու թախանձագին կոչերուն ընդառաջելով է, որ մինչեւ օրս մնացի»: Հարիրի յայտնեց, թէ պիտի մասնակցի խորհրդարանական խորհրդակցութիւններուն, առանց սակայն թեկնածուի մը անունը յայտարարելու: «Սակայն երկիրը անել կացութեան պիտի չմատնենք», շեշտեց Հարիրի` դիտել տալով, որ նախագահ Աուն «աստիճանը լայնքին բռնած է»: Նախագահ Աուն կ՛ուզէ որոշումները արգելակող ձայներու մէկ երրորդը ունենալ, եւ կը «խոստանայ, որ վստահութեան քուէ պիտի չտայ իմ կազմելիք կառավարութեանս, արդ, ինչպէ՞ս կրնայի կառավարութիւն կազմել»:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Համար Մեղաւոր Ճանչցուած Են Կիւլենական Շարժումի Անդամ Նախկին Ոստիկանապետներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.