Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Հայկական Եկեղեցիները Վտանգուած Են. Մոսկուա

July 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է մարդկային իրաւունքներու իրավիճակին մասին զեկուցում մը, որուն մէջ, ի շարս բազմաթիւ երկիրներու, տեղ գտած է նաեւ Վրաստանը:

Վրաստանի մասին հատուածին մէջ ուշադրութեան արժանի են յատկապէս հայ համայնքին վերաբերող տողերը: Կը բարձրաձայնուին վրացահայերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:

«Միջազգային եւ վրացական իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ժողովրդական պաշտպանը պարբերաբար անհանգստութիւն կը յայտնեն ազգային փոքր խումբերու մեկուսացման եւ վրացական «մեծամասնութենէն» անջատուելու առնչութեամբ: Հայկական եւ ազրպէյճանական մեծ համայնքներու ներկայացուցիչներու երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մասնակցութեան աստիճանը կը շարունակէ մնալ չափազանց ցած, ինչ որ անոնց չ՛արտօներ ամբողջութեամբ համարկուիլ վրացական հասարակութեան մէջ: Հանրային գործերուն անոնց մասնակցութեան խոչընդոտները տարածքային հիմքով քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծման արգելքն է, որ կը սահմանուի Վրաստանի սահմանադրութեան 23,3 յօդուածով: Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնախումբը բազմաթիւ անգամներ բացասական կարծիքներ յայտնած է սահմանադրական այս կէտին վերաբերեալ», կը նշէ զեկուցումը:

Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայերու ազգային ինքնութեան պահպանման հարցերուն:

«Օրինակ` հայ համայնքը շատոնց կը բարձրացնէր Սամցխէ-Ջաւախքի ինքնավարութեան հարցը, իսկ Քուեմօ-Քարթլիի ազրպէյճանցիները կը պահանջեն լայն ներկայացուցչութիւն տեղական մարմիններու մէջ, ուր բոլոր հիմնական պաշտօնները կը վարեն վրացիները: Այս կոչերը չեն գտներ Վրաստանի ղեկավարութեան աջակցութիւնը, որ զանոնք կը նկատէ իբրեւ անջատողական տրամադրութիւններու արտայայտութիւն: Նաեւ, վրացական լրատուամիջոցներու մէջ յաճախակի դարձած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները: 2011-ին Վրաստանի մէջ «Կրօնական դաւանանքներու ազատ արձանագրման մասին» օրէնքի որդեգրումէն ի վեր արձանագրուած են բազմաթիւ յարձակումներ` հայկական եկեղեցիներու վրայ», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

Նախորդը

«Ա՛լ Բան Չեմ Հասկնար», Պոռաց Դրան Առջեւ Կանգնած Կեդրոնականցին

Յաջորդը

Շառաչուն Ապտակ Ազրպէյճանին, Միջազգային Հանրութիւնն Արցախի Հարցը Լուծուած Չի Համարում

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.