Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արմէն Նիկողոսեանը:
Մելիքբէկեան նշեց, որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի 2022-ին կամ 2024-ին ամէն գնով Մոնտիալի կամ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներու տոմս մը ապահովել:
Փաշինեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի աջակցի ֆետերասիոնի ծրագիրներուն:
Այս հանդիպումին ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկեցին Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման ծրագիրները:



