Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանական է, որ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրէ իր ակումբին` Պարսելոնայի հետ:
Նշուեցաւ, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը Մեսսին իր կազմին միացնելու բանակցութիւնները վերջնականապէս դադրեցուց:
Քաթալոնական ակումբը ներկայիս կը շարունակէ ամէն գնով գոհացնել ֆութպոլիստը, որպէսզի համաձայն գտնուի նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի աւարտած ախոյեանութեան ան 35 մրցումի ընթացքին նշանակեց 30 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ:



