Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Հիւլէական համաձայնագիրի վերակենդանացման եզրին հասանք, եւ այդ ատեն (վերակենդանացումէն ետք, «Ա.») պիտի կարենանք անոր յատկութիւններէն օգտուիլ»:
«Ուաշինկթընի հետ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ պատրաստ ենք բոլորը փոխանակելու», նշեց Ռապիհի:
Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ ընթացք առին ապրիլի սկիզբը:
Եւրոպացիք եւ 2015-ի համաձայնագիրը ստորագրած մնացեալ կողմերը բանակցութիւններուն մէջ կը վարեն միջնորդի դեր:



