Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2017 Թուականէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Իսրայէլի Նախագահի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Իսրայէլի Հետ Գործակցութեան Մեծ Կարելիութիւն Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Էրտողան

July 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոքին յայտնած է. «Իսրայէլի հետ շարք մը ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան ու ճարտարագիտութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան մեծ կարելիութիւն գոյութիւն ունի»:

Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շնորհաւորեց Հերցոքը Իսրայէլի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն համար: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ երկու կողմերը համամիտ գտնուած են, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները «շատ կարեւոր են Միջին Արեւելքի անվտանգութեան ու կայունութեան համար»:

Օրաթերթը աւելցուց, որ երկու կողմերը յայտնած են, որ «հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն, մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն մնայուն հաղորդակցութիւններուն եւ երկխօսութեան` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ նկատուող քայլերու յառաջ մղման համար, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար»:

Իսրայէլեան «Մանրամասնութիւններ» հրատարակութիւնը կը յիշեցնէ, որ ասիկա Էրտողանի եւ իսրայէլացի բարձրաստիճան գործիչի մը միջեւ առաջին զրոյցն է յուլիս 2017-էն ի վեր, երբ Թուրքիոյ նախագահը զրուցած էր Իսրայէլի նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինի հետ:

 

 

Նախորդը

Իրանեան Կառավարութիւն. «Հիւլէական Համաձայնագիրի Վերակենդանացման Եզրին Հասանք»

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատունը Պատասխանած Է Դեսպանի` Ազրպէյճանի Կառավարութեան Հրաւէրով Շուշի Եւ Վարանդա Չմեկնելու Վերաբերեալ Հարցումին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.