Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Կը Քննարկեն Աֆղանիստանի Մէջ Գործակցութեան Եւ Աֆղանիստանէն Հեռացման Կարելիութիւնները

July 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ քննարկած է ԱՖղանիստանէն հեռացման ու ԱՖղանիստանի մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Օսթին եւ Աքար հաստատած են Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանի անվտանգութեան կարեւորութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նաեւ վերահաստատած է իր երկրին ու Թուրքիոյ միջեւ պաշտպանութեան մարզի երկարատեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Թուրքիան կը ձգտի սուրիացի վարձկանները Սուրիայէն ԱՖղանիստան տեղափոխել:

Դիտարանը կը նշէ, որ վարձկաններու տեղափոխումին ձեւը այս անգամ այլ պիտի ըլլայ` համեմատելով Լիպիոյ եւ Արցախի հետ: Կը նշուի, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը պաշտօնական պայմանագիրներով վարձկաններ կը ներառէ թրքական անվտանգութեան ընկերութիւններու մէջ եւ զանոնք պաշտօնապէս պիտի ուղարկէ Աֆղանիստան:

Մարդկային իրաւանց Սուրիական դիտարանը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, կ՛ըսէ, որ Թուրքիան կ՛ուզէ խաղալ միջազգային օրէնքին վրայ` այս վարձկանները արձանագրելով անվտանգութեան ընկերութիւններուն մէջ եւ օրինականացնելով Քապուլի մէջ անոնց ներկայութիւնը:

Նշելով, որ վարձկաններու Քապուլ տեղափոխման հարցը տակաւին ուսումնասիրութեան փուլին մէջ է, Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը կը յայտնէ, որ գործընթացը կրնայ սկսիլ այս տարուան սեպտեմբերին: Վարձկանները պիտի ստանան ամսական 2000-էն 3000 տոլարի աշխատավարձ:

Կեդրոնին աղբիւրները հաստատած են, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը պիտի վերահսկէ սուրիացի վարձկաններու ընտրութեան հոլովոյթին, որովհետեւ չի վստահիր Սուրիայէն վարձկան խումբերու ղեկավարներուն: Կեդրոնը աւելցուցած է, որ վարձկաններու հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Քապուլի օդակայանի, կառավարական կառոյցներու եւ միջազգային ուժերու սպայակոյտերու կեդրոններու պաշտպանութիւնը:

Վերջին օրերուն տեղական որոշ լրատուամիջոցներ արդէն կը յայտնէին Սուրիոյ գրաւեալ շրջաններուն մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող վարձկան խումբերու հանդիպման մասին: Կը հաղորդուէր, որ հանդիպման ընթացքին որոշուած է շուրջ 2000 սուրիացի վարձկաններ ուղարկել Աֆղանիստան:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ալիեւ Շուշիի Հռչակագիրը Կը Կոչէ Աշխարհաքաղաքական Նոր Իրողութեան «Մեծագոյն Յաղթանակը»

Յաջորդը

Տաճիկիստանը ՀԱՊԿ-էն Օգնութիւն Խնդրած Է Աֆղանիստանի Հետ Սահմանին Վրայ Ստեղծուած Կացութեան Պատճառով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.