Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Շուշիի Հռչակագիրը Կը Կոչէ Աշխարհաքաղաքական Նոր Իրողութեան «Մեծագոյն Յաղթանակը»

July 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայիս Ազրպէյճանը, արմատապէս փոխելով Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրողութիւնը, «կը հետեւի ռազմավարական ուղղուածութեան, որ ուղղուած է համագործակցութեան, խաղաղութեան եւ շրջանային ու համաշխարհային տարողութեամբ անվտանգութեան կայուն համակարգի ստեղծման»: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Եւրասիական տնտեսական 24-րդ վեհաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ:

Ալիեւի համաձայն, «եղբայրական Թուրքիան այս հոլովոյթին մէջ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Ազրպէյճանին»:

«Պատերազմին մէջ մեր յաղթանակը ազրպէյճանական-թրքական եղբայրութեան եւ անսասան միասնականութեան ձեռքբերումն է: Իսկ նոր աշխարհաքաղաքական իրականութեան մեծագոյն յաղթանակը Շուշիի հռչակագիրն է: Այս պատմական փաստաթուղթը պաշտօնապէս դաշնակցային կարգավիճակի մէջ հաստատած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրական, բարեկամական, գործընկերային յարաբերութիւնները: Անվտանգութեան եւ խաղաղութեան բարձր երաշխիք հանդիսացող այս փաստաթուղթը ռազմավարական նշանակութիւն ունի Եւրասիոյ համար, ներառեալ Հարաւային Կովկասը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ թուրք-ազրպէյճանական փաստաթուղթերու ստորագրութեան արարողութիւնը. մասնաւորաբար ստորագրուած է Շուշիի հռչակագիրը:

Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Շուշիի հռչակագիրին մէջ կը շօշափուին երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ փոխադարձ օգնութեան խնդիրները:

Նախորդը

«Եռակողմ Համաձայնագիրներու Կէտերու Գործադրումը Շատ Կարեւոր Է Եւ Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Կը Քննարկեն Աֆղանիստանի Մէջ Գործակցութեան Եւ Աֆղանիստանէն Հեռացման Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.