Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

July 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլինը երէկ հերքեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման առնչուած փաստաթուղթի ստորագրման մասին տեղեկութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիան»:

«Ո՛չ, այդ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան», լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք, ինչպէս լրատուամիջոցները կը յայտնեն, բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ստորագրուի՞ն փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ խաղաղապահներու տեղակայման մասին:

Հայրենի «Ժողովուրդ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ գրած էր, որ այլ հարցերու շարքին` երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն Հայաստանի սահմանին վրայ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելու տարբերակները:

Փեսքով կարեւոր նկատեց Փաշինեանի այցելութիւնը Ռուսիա:

«Ասիկա Փաշինեանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնն է խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած իր յաղթանակէն ետք. բաւական վստահ, համոզիչ յաղթանակ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Ազրպէյճանն Ու Փաքիստանը Կրնան ՀԱՊԿ-ի Պաշտօնական Գործընկերոջ Կարգավիճակ Ստանալ

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Միջաֆղանական Երկխօսութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած  Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող  Հրամանագիր Մը Ստորագրեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիան Քոնկրեսի Հաստատած Պատժամիջոցներէն Զանց Կացուցող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

October 19, 2026
Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն  Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանսայի Մէջ Բողոքի Ցոյցերուն Կէս Միլիոն Մասնակից Եւ 1200 Ձերբակալուած

October 19, 2026
Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ»  Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին`  Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան
Միջազգային

Թրամփ «Ամբողջական Եւ Բացարձակ» Զօրակցութիւն Յայտնեց Նեթանիահուին` Իսրայէլի Վարչապետի Պաշտօնի Թեկնածութեան

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.