Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ հասաւ Կալես:
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երեւանեան խումբը այսօր պիտի մրցի Կալեսի ախոյեան Քոնաս Քուայի դէմ:
Երթի այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ:



