Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշանալով Թալեպաններու Վրէժէն` Ուաշինկթընի Մօտ Իր Ուժերը Հեռացնելէ Առաջ 9 Հազար Աֆղան Թարգմանիչներ Աֆղանիստանէն Հեռացնելու Ուղղուածութիւն Գոյութիւն Ունի

July 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Տաճիկիստանէն, Ղազախստանէն եւ Ուզպեքիստանէն խնդրած է հիւրընկալել 9 հազար աֆղաններ, որոնք Միացեալ Նահանգներուն կ՛օժանդակէին:

«Պլումպըրկ»¬ի աղբիւրները յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ նաեւ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ կը քննարկեն փաստաթուղթ մը, որ Ուաշինկթընին կ՛արտօնէ այդ երկիրներու հողերուն վրայ տեղեկահաւաքի գործողութիւններ կատարել:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, նախապէս յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներու, հաղորդած էր, որ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի ամերիկեան բանակին հետ գործակցած հազարաւոր աֆղաններ, այդ ուժերուն Աֆղանիստանէն հեռանալէն ետք Թալեպան շարժումին կողմէ հաւանական վրէժխնդրական արարքներէն պաշտպանելու համար փոխադրել այլ երկիրներ, սակայն իշխանութիւնները չեն երաշխաւորեր, որ այդ անձերը հետագային Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու արտօնագիրներ պիտի ստանան:

Հանրապետական քոնկրեսական Մայք Մքոլ, որ նշեալ աֆղաններու տարհանման ծրագիրը քննարկած է Պայտընի վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ, նշեց, որ աֆղաններուն իբրեւ ապաստանարան ծառայելիք երկիրներուն շարքին են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Քաթարը եւ Քուէյթը:

Ըստ Մքոլի, Միացեալ Նահանգներ վտանգուած թարգմանիչներուն ընտանիքները եւս այլ երկիր պիտի փոխադրեն, եւ այդպիոսվ Աֆղանիստանէն այլուր փոխադրուող աֆղաններուն թիւը կրնայ հասնիլ 50 հազարի:

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Վրաստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան… Զելենսքի Նշած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրներուն Հետ Քիեւը Պիտի Զարգացնէ Յարաբերութիւն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.