Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ ղարաբաղեան նիւթը քննարկած է Եւրոպական արտաքին-քաղաքական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էնրիքէ Մորոյի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Տեղի ունեցած է ԱՊՀ-ի տարածքի կացութեան առարկայական քննարկում, ներառեալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրներն ու Անդրկովկասի անվտանգութեան վերաբերեալ ժընեւեան միջազգային քննարկումներու քայլերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսական կողմը ընդգծած է հակաօրինական որեւէ քայլի անթոյլատրելիութիւնը` գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու եւ անոնց սահմանադրական-իրաւական կարգը սասանելու ուղղութեամբ:



