Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խրիմը Ուքրանիա Է Եւ Ոչ Թէ Ռուսիա» Կ՛ըսէ Ափաթուրայ

July 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՕԹԱՆ-ը Բրիտանական Նաւու Հետ Պատահած
Միջադէպէն Ետք Մտադիր Չէ Հեռանալ Սեւ Ծովէն

ՕԹԱՆ մտադիր է պահպանել իր ներկայութիւնը Սեւ ծովուն մէջ եւ պիտի շարունակէ ամրապնդել  գործընկերներու հետ շրջանին մէջ համագործակցութիւնը: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին վրացական «Առաջին ալիք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը:

Ըստ անոր, Բրիտանիան ՕԹԱՆ-ին տեղեկութիւններ տրամադրած է բրիտանական մարտանաւի` Ռուսիոյ տարածքային ջուրեր մտնելու միջադէպին վերաբերեալ: «Դաշինքը համոզուած է` Խրիմը Ուքրանիա է, եւ ոչ թէ Ռուսիա», յայտնած է Ափաթուրայ:

«ՕԹԱՆ-ը յստակ դիրքորոշում ունի, երբ խօսքը նաւարկման ազատ տեղաշարժին կը վերաբերի եւ այն փաստին, որ Խրիմը Ուքրանիա է եւ ոչ թէ Ռուսիա: Այս միջադէպին ընթացքին ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները վճռականութիւն ցուցաբերեցին իմ թուարկած սկզբունքներս պաշտպանելու ընթացքին», մեկնաբանած է ան նաւուն հետ կապուած միջադէպը: Ան Ռուսիոյ կոչ ուղղած է գիտակցելու, որ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները այս հարցին մէջ ետ պիտի չկանգնին:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը Ռուսիան մեղադրած է «շրջանին մէջ ապակայունացման շարունակման համար»: Անոր համաձայն, «Ռուսիան սպառազինութիւն կը տեղակայէ Խրիմի մէջ, ներառեալ հրթիռային համակարգեր, ինչ որ կը բարդացնէ նաւարկութեան ազատ տեղաշարժը», որուն վերաբերեալ ՕԹԱՆ-ը պիտի պահպանէ Սեւ ծովուն մէջ իր ներկայութիւնը` դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն աջակցելու համար:

Նշենք, որ բրիտանական մարտանաւուն հետ միջադէպը տեղի ունեցած էր 23 յունիսին, Խրիմի մէջ: Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղն ու սահմանապահ ծառայութիւնը կրակ բացած էին բրիտանական «Տիֆենտըր» մարտանաւուն ուղղութեամբ, որ, ըստ ռուսական կողմին, ներխուժած էր Ռուսիոյ տարածքային ջուրեր:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չորեքշաբթի օր ուղղակի սփռուած զրոյցի ընթացքին մեկնաբանեց միջադէպը` զայն կոչելով սադրանք, որ, ըստ անոր, կազմակերպած էին Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Սիւլէյմանիի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունեցող Ամերիկացի Սպան Մահացած Գտած Են

Յաջորդը

Իտալիա Իր Ուժերը Հեռացուց Աֆղանիստանէն

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.