Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛առաջարկեն 2 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ականազերծման Ծրագիրին

July 1, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի խումբ մը անդամներ նամակով դիմած են Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարութեան` առաջարկելով ֆինանսաւորել ականազերծման շարք մը ծրագիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի աւելի քան 30 անդամներ Քրիս վան Հոլլընի եւ Թատ Եանկի առաջնորդութեամբ նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու հարցով յանձնախումբի նախագահ Քրիսթըֆըր Քունսին եւ բարձրաստիճան անդամ Լինտսի Կրահամին` խնդրելով միջոցներ տրամադրել ականազերծման շարք մը ծրագիրներ գործադրելու համար: Աֆղանիստանի, Լաոսի, Սրի Լանքայի, Անկոլայի եւ Զիմպապուէի հետ մէկտեղ ծերակուտականները կը խնդրեն 2 միլիոն տոլար տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման ծրագիրին համար:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջերս բռնկած տագնապը յանգեցուց տարանջատուող զինամթերքի, հրթիռներու եւ այլ պայթուցիկ նիւթերու կիրարկման, որոնք մինչեւ այսօր կը վտանգեն խաղաղ բնակչութիւնը` ներկայացնելով մարդասիրական լուրջ վտանգ: Բացի ատկէ,  ըստ ծերակուտականներուն, պայթուցիկ նիւթերու հեռացումը կարեւոր դեր ունի տագնապի ընթացքին վնասուած ենթակառոյցներու վերականգնման համար:

Ծերակուտականները ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման ծրագիրի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ֆինանսաւորումը աւարտած է մարտ 2020-ին, եւ ներկայիս ֆինանսաւորում նախատեսուած չէ: Օրէնսդիրներու կարծիքով` 2022 թուականի ֆինանսական տարուան մէջ 2 միլիոն տոլարի յատկացումը պիտի արտօնէ զգալիօրէն մեծցնել ականազերծման ուղղուած ջանքերը եւ ապահովել, որ խաղաղ բնակիչները առանց վախի վերադառնան իրենց տուները:

«Ականազերծման գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու շարունակական ղեկավարութիւնը պիտի նպաստէ յառաջ մղելու արդիւնաւէտ եւ ազդու ծրագիրներ, որոնք կեանքեր կը փրկեն, տնտեսական զարգացումը կը խթանեն, կայունութեան կը նպաստեն եւ կ՛ընդլայնեն ամերիկեան ազդեցութիւնը», նամակը կ՛եզրափակեն ամերիկացի ծերակուտականները:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ 2015-ի Համաձայնութեան Հիմամբ Ջնջելու Իրանի Դէմ Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պիտի Համակարգեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.