Ուաշինկթըն ամենայն հաւանականութեամբ շուրջ 1000 զինուոր պիտի ձգէ Աֆղանիստանի մէջ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն ու Քապուլի օդակայանի անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը:
Աղբիւրին հաղորդումով` Միացեալ Նահանգներ զօրքի մնացեալ` գերակշիռ մասին հեռացումը կրնայ գործադրել քանի մը օրուան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ՕԹԱՆ-ի քանի զինուորներ պիտի մնան Աֆղանիստան:
Նախապէս «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար շուրջ 650 զինուոր ձգէ Աֆղանիստանի մէջ` այդտեղ աշխատող դիւանագէտներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար:



