Նախապէս աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ողիմպիական խաղերուն, այս մասին յայտնեց «Տը Կարտիըն»-ը:
Սերենա Ուիլիըմզ յայտնեց, որ իր անունը պիտի չըլլայ այդ խաղերուն մասնակցողներուն շարքին:
Նշենք, որ Սերենա Ուիլիըմզին կանխած էր զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր:
Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ազդանշանը պիտի տրուի 23 յուլիսին:
Ողիմպիականը իր աւարտին կը հասնի` 8 օգոստոսին:



