Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բացումը կատարեց իր երկրին դեսպանատան` նշելով, որ այդ քայլը «պիտի ամրապնդէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ Թել Աւիւի յարաբերութիւնը»:
Լափիտ օդանաւով ուղեւորութեան ընթացքին հրապարակեց լուսանկար մը` այցելութիւնը նկատելով «պատմական»: Արդարեւ, անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ասիկա իսրայէլացի նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է Ապու Տապի:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Լափիտ իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին նաեւ Տուպայի մէջ բացումը պիտի կատարէ Իսրայէլի ընդհանուր հիւպատոսարանին:
Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները անցեալ տարի երկու կողմերուն միջեւ «Աբրահամի համաձայնութիւններ»-ու ստորագրումէն ետք Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը յայտարարեցին:
Սպիտակ տան մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան յաջորդող 9 ամիսներուն ընթացքին երկու երկիրները առեւտուրի եւ գործակցութեան համաձայնութիւններ ստորագրեցին:
Ըստ «Արապիա»-ի, կը նախատեսուի, որ երկու կողմերուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը շրջանցէ 354 միլիոն տոլարը:
Էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Լափիտ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու երիտասարդութեան եւ մշակոյթի նախարար Նուրա Քաապիի հետ իսրայէլեան դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին յայտնած է. «Մենք այսօր այստեղ կանգնած ենք, որովհետեւ պատերազմի փոխարէն խաղաղութիւնը կ՛ընտրենք»:
«Իսրայէլ իր դրացիներուն, բոլոր դրացիներուն հետ խաղաղութիւն կ՛ուզէ. այստեղ ըլլալէ պիտի չդադրինք: Միջին Արեւելքը մեր տունն է, մենք այստեղ պիտի մնանք», ըսած է ան:
«Շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք` այդ իրողութիւնը ճանչնալու, եւ գալով մեզի հետ խօսելու», աւելցուցած է Լափիտ:
«Տը Նեշընըլ» նշեց, որ Իսրայէլի դեսպանատունը ներկայիս ժամանակաւոր վայրի մէջ է, եւ այդտեղ միայն երեք դիւանագէտներ կը գործեն, սակայն Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը` Լիոր Հայաթ յայտնած է, որ իրենք «կը ծրագրեն, որ անիկա մեծ դեսպանատուն մը ըլլայ, կարեւոր դեսպանատուն մը ըլլայ»:



