Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաժժար Եւ Ղաժար Ռուտաքովի Եւ Ռուս Ներդրողներու Հետ Քննարկեցին Պէյրութի Նաւահանգիստը Վերակառուցելու Հեռանկարները

June 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի,  հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ նաւահանգիստներու մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարող ռուսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Նաժժար յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին «Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ռուսական ընկերութիւնը Լիբանանին օժանդակող ծրագիրներ առաջարկած է` նկատի ունենալով այն դժուար կացութիւնը, որմէ երկիրը կը տառապի:

Նաժժար ընդգծեց, որ «Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ընկերութիւնը ռուսական պետութեան յանձնարարութեամբ է, որ մշակած է այդ ծրագիրները եւ առաջարկած Լիբանանին:

Իր կարգին, Ռուտաքով յայտնեց, որ Նաժժարի եւ Ղաժարի հետ քննարկած է ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան վերաբերող հարցեր` օժանդակելու համար Լիբանանի բարեկամ պետութեան` թօթափելու իր դիմագրաւած սուր տագնապները:

«Հիտրօ էնճինիրինկ էնտ քոնսթրաքշըն» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Անտրէա Միցկըր հաստատեց, որ ուժանիւթի մարզին վերաբերող շարք մը ծրագիրներ քննարկուեցան` աւելցնելով, որ ուժանիւթի եւ վառելանիւթի զտարաններու մասին համաձայնութիւն գոյացած է: «Այդ համաձայնութեան կէտերը իւրաքանչիւր կողմ պէտք է գործադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնական գետնի վրայ անցնիլ ծրագիրներու գործադրութեան փուլ: Կը յուսանք, որ մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ գործակցութիւն կ՛արձանագրենք Լիբանանի հետ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստները վերակառուցելու, ինչպէս նաեւ զոյգ նաւահանգիստներուն համար ցորենի շտեմարաններ կառուցելու կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուահապ. «Հարիրի Կը Պատրաստուի Քաղաքական Իր Ասպարէզին Հրաժեշտ Տալու, Իսկ Պըրրի Վերընտրուելու Լուրջ Խնդիր Ունի»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.