Սպանական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն լուրին, որ Ռէալ Մատրիտ մեծ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Սեւիլլայի յետսապահ Ժիւլ Քունտէն:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը անոր համար պատրաստ է վճարելու 50 միլիոն եւրօ, սակայն Սեւիլլա իր ֆութպոլիստին համար կը պահանջէ 80 միլիոն եւրօ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, 22 տարեկան ֆութպոլիստը Ֆրանսայի ազգային խումբի իր խմբակիցներուն` Քարիմ Պենզեմային եւ Քիլիան Էմպափէին յայտնած է, որ ամէն գնով կ՛ուզէ մաս կազմել Ռէալ Մատրիտին:
Նախորդ տարեշրջանին ան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին իր կազմին հետ կատարեց 49 մրցում եւ նշանակեց 4 կոլ:



