Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին այցելած է Ուաշինկթըն, ուր հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի պատասխանատուներու հետ, որոնք յանձնառու կը մնան Լիբանանին:
«Անոնց արտայայտութիւններէն իմացայ Պէյրութի մէջ տիրող վտանգաւոր վիճակին մասին. բան մը, որ Պէյրութի մէջ զգալի չէ, որովհետեւ մարդիկ իրենց սովորական առօրեայով կ՛ապրին: Տիրող պայմաններուն համար չեմ գիտեր, եթէ կարելի է կուսակցութիւն մը մեղադրել, սակայն յստակ է, որ երկիրը կարիքը ունի կառավարութեան, որպէսզի կարենայ տնտեսական կայունութիւն հաստատել եւ լիբանանցիներուն ապրուստը ապահովել», շեշտեց Շիա:
Շիա անհրաժեշտ նկատեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը սկսի կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներուն կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւններուն` Շիա յայտնեց, որ այս տարուան ընթացքին այդ օժանդակութիւնները 15 միլիոն տոլարով պիտի աւելնան:
Ան նշեց, որ ինք իբրեւ դեսպան միշտ գործակցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, սակայն նախագահին եւ անոր իշխանութեան փուլին արժեւորումը կը փափաքի լիբանանցիներուն վստահիլ: «Միւս կողմէ, իբրեւ դեսպան կը գործակցիմ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, եւ չեմ գիտեր, թէ ան հանրապետութեան նախագահի յարմար թեկնածո՞ւ է, թէ՞ ոչ: Կրնամ հաստատել, որ ան իբրեւ բանակի հրամանատար Ուաշինկթընի լաւ գործակից է», հաստատեց ան:
Շիա նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛օժանդակեն բանակին եւ լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն, սակայն այդ օժանդակութիւնները կառավարութեան ճամբով չեն կատարուիր, որովհետեւ անիկա փտած է:
Իրանեան վառելանիւթը Պէյրութի նաւահանգիստ հասցնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շիա ըսաւ. «Ատիկա լուծում չէ. եթէ ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն փտածութիւնը կարելի ըլլայ վերացնել, ապա հարցը անմիջապէս կիսով կը լուծուի»:
ՄԻՒՍ կողմէ, իրանեան դեսպանատունը շաբաթ առաւօտեան ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Իրանեան վառելանիւթ փոխադրող նաւերը հասած են լիբանանեան ջուրեր` հակառակ Շիայի կատարած անհեթեթ արտայայտութիւններուն: Ամերիկացի դեսպանը իրաւունք չունի միջամտելու լիբանանեան-իրանեան եղբայրական յարաբերութիւններուն»:
«Նաշրա» կայքը հաստատեց, որ իրանեան դեսպանատան գրառումը Շիայի արտայայտութիւններուն քաղաքական պատասխան էր եւ ոչ թէ վառելանիւթ փոխադրող իրանեան նաւերու Պէյրութ հասնելու պաշտօնական յայտարարութիւն:



