Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 163 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեսքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը: Քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Ամալ շարժումի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցաւ համադրական հանդիպում մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ խիստ կարգապահութեան կառչած մնալու, բաժանումի սերմերը ջլատելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու: Նշենք, որ շիի զոյգին պատասխանատուներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ցուցմունքներով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ յայտնեց, որ նախապէս ամբարուած վառելանիւթը նոր սակով պիտի վաճառուի: Այսինքն` ամերիկեան տոլարի 1515 սակով գնուած վառելանիւթը պիտի վաճառուի 3900-ի սակով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ հատուցման քարտի գործածութիւնը պէտք է շարունակուի մինչեւ տնտեսական մարզի ապաքինումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի կոչ ուղղեց հատուցման քարտի վաւերացումը տրամադրուած նիւթական նպաստը հասցէագրելու կամ կասեցնելու քայլերուն հետ չկապելու:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանան «Քորոնա»-ի ժահրի այլ ալիք մը չի կրնար հանդուրժել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի հաստատեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չհրաժարի` ընդառաջելով սիւննի համայնքին կոչերուն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ժաուատ Խալիֆէ յայտնեց, որ հիւանդանոցային առումով երկիրը կ՛ուղղուի դէպի շատ վատ իրավիճակ` աւելցնելով, որ երկիրը կը գտնուի բժշկական սարքերու նորոգութեան անկարելիութեան դէմ յանդիման եւ կ՛ուղղուի դէպի առողջապահական աղէտալի փուլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար անհրաժեշտ նկատեց, որ հատուցման քարտը ստեղծելու դրութիւնը միջազգային չափանիշներով քննարկուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խնդիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապալի ու ապրուստի ճնշող պայմանները:

 

 

Նախորդը

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսա Կը Պարգեւատրէ Իմատ Օսմանը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.