Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 26 յունիսին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):