Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին. «Իրան Սահմաններու Փոփոխութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Այդ Միջանցքի Բացման. Ատիկա Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Գործն Է»

June 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի «Թուրան» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով յետպատերազմեան փուլին մէջ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան, յստակացուցած է, որ Թեհրանը դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման:

Պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ Թեհրանի մէջ հնչած քննադատութիւններուն մասին լրագրողի հարցումին` դեսպանը ըսած է. «Իրանի մէջ կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ: Իրանի հոգեւոր առաջնորդի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն նշուած է, որ Իրանը դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ այդ միջանցքի բացման: Չեմ կարծեր, որ շրջանին մէջ ոեւէ մէկը կողմնակից է սահմաններու բռնի փոփոխութեան: Մենք կողմնակից ենք, որ որեւէ միջանցք գործէ, որեւէ ուղիով` առանց պետութիւններու սահմաններու փոփոխութեան: Տուեալ միջանցքի բացումը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գործն է: Բռնի կերպով, զինուորական ճամբով սահմաններու փոփոխութիւնը պիտի խախտէ շրջանի անկայունութիւնը, եւ տակաւին նման հեռանկար չ՛երեւիր», ըսած է Իրանի դեսպանը:

Իր խօսքին մէջ ան աւելցուցած է, որ երկաթուղային ուղիներու բացումը պիտի նպաստէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու եւ համագործակցութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ օգուտներ պիտի բերէ ամբողջ շրջանին:

«Ուստի Հարաւային Կովկասի երկիրները, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը պէտք է ամէն ձեւով խթանեն իրար միջեւ երկաթուղային, ինքնաշարժային եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացումը», ըսած է դիւանագէտը:

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Միւս Համանախագահներուն Հետ Կը Շարունակէ Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Օգնել` Իրար Միջեւ Վստահութիւն Ստեղծելու Հարցին Մէջ»

Յաջորդը

Ուսման Տեմպելէ 4 Ամիս Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.